Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնագիրը պիտի նպաստէ տագնապի ամբողջական լուծման:
«Վրաստան կ՛աջակցի կողմերու երկխօսութեան: Մենք պատրաստակամութիւն կը յայտնենք միջազգային ընտանիքին հետ նպաստելու խաղաղ հոլովոյթին: Կը հաւատանք, որ միջազգային ընտանիքի աշխուժ ջանքերն ու միջազգային բազմակողմ մեքանիզմներու գործադրումը իրենց արդիւնքը պիտի տան երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ եւ ամբողջ շրջանին համար նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծեն», նշուած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: