Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրակոցի Դադրեցումը

November 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադրեցման մասին յայտարարութեան առիթով: Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուհանի այս մասին յայտնած է Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին:

«Ըլլալով թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դրացին եւ հաշուի առնելով շրջանի ժողովուրդներուն հետ մեր բազմաթիւ պատմական ընդհանրութիւնները` Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ երկու երկիրներու ղեկավարներուն տուած` զինուորական տագնապին վերջ դնելու եւ դիւանագիտական լուծման հոլովոյթը սկսելու որոշումին առնչութեամբ», նշած է Իրանի նախագահը:

Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրները պիտի կարենան լուծել իրենց վէճերը խաղաղ միջոցներով եւ միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ:

«Այդ նպատակով Իրան կը ներկայացնէ զինադադարի եւ խաղաղութեան հաստատման ծրագիր, ինչպէս նաեւ աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէ հակամարտող կողմերուն եւ այլ շահագրգիռ երկիրներու հետ, եւ մենք ոչ մէկ ջանք կը խնայենք լարուածութեան ու վէճերու մեղմացման եւ այդ շրջանին մէջ կայուն ու արդար անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար», եզրափակած է Հասան Ռուհանի:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը, որ յանգեցուցած է կրակոցի եւ մարտական գործողութիւններու դադրեցման:

«Իրան յոյսով է, որ համաձայնագիրը, որուն սկզբունքները նոյնպէս յիշատակուած են Իրանի իսլամական հանրապետութեան կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութեան մէջ, պիտի յանգեցնէ կովկասեան շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման վերջնական համաձայնութիւններու, որպէսզի խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն բերէ շրջանի բոլոր երկիրներու մարդոց եւ թեթեւցնէ գոյութիւն ունեցող խնդիրները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Իրան «պատրաստ է աջակցելու շփման գիծի երկայնքին ռուսական խաղաղապահ ուժերու տեղակայման` զինադադարի մասին համաձայնագիրի 3-րդ եւ 4-րդ կէտերուն հիման վրայ»:

Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի յոյս յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի հաստատման մասին համաձայնութիւնը պիտի կիրարկուի իրականութեան մէջ եւ յայտարարած, որ բանակցութիւններն ու քաղաքական որոշումները կրնան վերջ տալ ղարաբաղեան այս հին տագնապին: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութիւնը եւ ղարաբաղեան տագնապի երկու կողմերու` կրակոցի դադրեցման համաձայնութիւնը», թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է Վայեզի:

Անոր համաձայն, Թեհրան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան հարցի լուծման շուրջ իր դիրքորոշումին, որով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններէն կը պահանջուէր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ խաղաղ բնակիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան փոխադարձ յարգանք:

 

Նախորդը

Ռուսիա Յոյս Ունի, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Համաձայնագիրը Ստորագրած Բոլոր Կողմերը Զայն Կեանքի Պիտի Կոչեն

Յաջորդը

Փութին. «Մեծ Գոհունակութեամբ Կ՛ուզեմ Նշել Յառաջացած Փոխզիջման Եւ Ղարաբաղի Մէջ Արիւնահեղութիւնը Դադրեցնելու Համար Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Մասին»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.