Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երկու Նոր Տիպ Յայտնաբերուած Է, Իսկ Քենիոյ Մէջ` 16

Յունուար 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Օհայոյի համալսարանի գիտնականները «Քորոնա» ժահրի երկու նոր տիպ յայտնաբերած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Այս երկուքէն մէկը նմանութիւն ունի «բրիտանական» տիպին, իսկ երկրորդ ժահրը աւելի վարակիչ է:

Նախապէս քանի մը լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով Սպիտակ տան` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի խնդիրով զբաղող աշխատանքային խումբի զեկուցումը, հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնուած է «Քորոնա» ժահրի նոր, աւելի վարակիչ տիպ, որ մէկուկէս անգամ աւելի արագ կը տարածուի, քան նախնական տարբերակը: Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը հերքած է այս տեղեկութիւնը:

Օհայոյի համալսարանի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «Քորոնա»-ի յայտնաբերուած առաջին տարբերակը, հակառակ անոր որ «բրիտանական»-ին նման է, սակայն, հաւանաբար, ծագած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Միւս տարբերակին մէջ յայտնաբերուած են ծինային երեք փոփոխութիւններ, որոնք «Քորոնա» ժահրի նախնական տարբերակին մէջ չեն եղած:

Նոր տիպերէն առաջինը վերջերս յայտնաբերուած է Օհայօ նահանգին մէջ` հիւանդներէն մէկուն մօտ, եւ գիտնականները տակաւին չեն կրնար ըսել, թէ անիկա որքանո՛վ տարածուած է: Իսկ երկրորդ տարբերակը դեկտեմբեր 2020-ի վերջին եւ 2021 թուականի սկիզբին սկսած է գերակշռել Քոլոմպըս քաղաքի մէջ:

Ըստ գիտնականներու, երկրորդ տիպին մէջ յայտնաբերուած ծինային փոփոխութիւնները պիտի նպաստեն անոր արագ տարածման, որուն պատճառով վարակուածներուն թիւը կտրուկ կերպով պիտի աւելնայ:

Յիշեցնենք, որ դեկտեմբերի կիսուն Բրիտանիոյ մէջ յայտնաբերուած էր «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակ, որ աւելի արագ կը տարածուի, սակայն ատոր վտանգաւորութեան մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան: Այլ տեսակ մըն ալ յայտնաբերուած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ:

Մինչ այդ, Սպանիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկիզբէն ի վեր մէկ օրուան մէջ վարակման մրցանշային աճ: 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 38.869 եւ մահուան 195 պարագաներ:

Միւս կողմէ, Քենիոյ բժշկական գիտահետազօտական հիմնարկի մասնագէտները յայտնած են անցեալ տարուան յունիսէն մինչեւ հոկտեմբեր ժամանակաշրջանին ընթացքին երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի 16 տիպի հաւանական տարածման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ քենիական «Նէյշըն» օրաթերթը:

Գիտնականներու համաձայն, Քենիոյ մէջ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրի տիպերը զգալիօրէն կը տարբերին «բրիտանական» եւ «հարաւափրիկեան» տեսակներէն: Սակայն կը նշուի, որ առայժմ միայն Քենիոյ մէջ յայտնաբերուած բացառիկ տիպը կը յառաջացնէ առողջապահութեան բնագաւառի փորձագէտներու մտահոգութիւնը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան շրջանային ներկայացուցչութիւնը կը հաղորդէ, որ Քենիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւը աւելի քան 98 հազար է, իսկ մահացածներունը` 1700:

Նախորդը

Արցախի Տագնապին Լուծումը ԵԱՀԿ-ի Ռաջնահերթութիւններու Շարքին Է

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թրամփը Պաշտօնազրկելու Բանաձեւը. Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ամերիկացի Նախագահի Մը Դէմ Երկրորդ Անգամ Պաշտօնազրկման Ընթացակարգի Ձեռնարկելու Որոշում Կ՛որդեգրուի

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?