Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք – Սուրիա Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

January 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ժամը 1:10-ին օդային յարձակում գործած է Տէր Զօր քաղաքին եւ նահանգի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Պուքամալ շրջանին դէմ:

Իսրայէլեան օդանաւեր Տէր Զօր նահանգի բազմաթիւ շրջաններու մէջ շարք մը յարձակումներ գործած են սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն դէմ:

Յարձակումը շուրջ 35 վայրկեան տեւած է եւ թիրախ դարձուցած Տէր Զօր քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Մուսթաուտաաթ Այաշը, Փոր Սայիտ թաղամասին մէջ գտնուող Կրթութեան հին կաճառը, քաղաքի կեդրոնը գտնուող զինուորական տեղեկահաւաքի կեդրոնատեղին եւ շարք մը զինուորական կէտեր, ինչպէս նաեւ Պուքամալ եւ Մայատին անապատներու մէջ դիրքեր, Հըրի գիւղն ու սահմանային Պուքամալ անցակէտը:

Պաղտատի մէջ գտնուող ապահովական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումը թիրախ դարձուցած է դիրքեր, որոնք ռմբակոծումէն առաջ դատարկուած են` նշելով, որ միայն նիւթական վնասներ արձանագրուած են:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Տէր Զօրի ռմբակոծման հարցը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած է Մոսատի տնօրէն Եոսի Քոհենի հետ:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան աւելի քան 18 օդային հարուածներուն պատճառով սուրիացի 5 զինուորներ եւ իրանամէտ խմբաւորումներու անդամ 11 զինեալներ մահացած են: Աւելի ուշ դիտարանը նշեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 32-ի:

Նախորդը

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Կը Ձգտին Պայմաններ Ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանցիներու Եւ Հայերու Համակեցութեան Համար` Առանց Խաղաղապահ Առաքելութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Քրեմլին. «Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Արդիւնքները»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.