Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորած է Կիորկի Կախարիան Վրաստանի վարչապետի պաշտօնին վերանշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Փիա» կայքը:
Էրտողան իր շնորհաւորական նամակին մէջ վստահութիւն յայտնած է, որ Կախարիայի գլխաւորութեամբ ապագային պիտի շարունակուին երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական համագործակցութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները:
«Պարո՛ն վարչապետ, իմ թանկագին ընկերս, իմ եւ Թուրքիոյ կառավարութեան անունով սրտանց կը շնորհաւորեմ յաջող ընտրութիւններէ ետք վարչապետի պաշտօնին շարունակուող ձեր աշխատանքին համար:
«Ես համոզուած եմ, որ այս կենսական ժամանակաշրջանին մէջ, որ ես կը գնահատեմ իբրեւ շրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան եւ կայունութեան պատուհան բացող, Ձեր իմաստուն ղեկավարութեամբ բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ ապագային:
«Օգտուելով առիթէն, կ՛ուզեմ ամուր առողջութիւն եւ երջանկութիւն մաղթել ձերդ գերազանցութեան, ինչպէս նաեւ բարեկեցութիւն իմ բարեկամ վրացի ժողովուրդին: Թող Նոր տարին խաղաղութիւն եւ բարիք բերէ մեր երկիրներուն եւ շրջանին», նշուած է Թուրքիոյ նախագահի նամակին մէջ:
Նշենք, որ 31 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Վրացական երազանք» կուսակցութեան յաղթանակէն ետք Կիորկի Կախարիա վերանշանակուած է Վրաստանի վարչապետի պաշտօնին: