Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թրամփը Պաշտօնազրկելու Բանաձեւը. Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ամերիկացի Նախագահի Մը Դէմ Երկրորդ Անգամ Պաշտօնազրկման Ընթացակարգի Ձեռնարկելու Որոշում Կ՛որդեգրուի

Յունուար 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց երկրի գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու վերաբերեալ դեմոկրատականներուն ներկայացուցած բանաձեւը: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը դէմ երկրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնազրկման ընթացակարգի ձեռնարկման որոշում կ՛որդեգրուի:

Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 232 թեր եւ 197 դէմ քուէներով: Թրամփը պաշտօնազրկելու օգտին քուէարկեցին նաեւ 10 հանրապետական օրէնսդիրներ` Տեն Նիւհաուսը (Ուաշինկթըն), Ճոն Քաթքոյը (Նիւ Եորք), Ճէյմի Հերրերա Պէիթլըրը (Ուաշինկթըն), Ատըմ Քինցինկըրը (Իլինոյզ), Ֆրետ Ափթընը (Միչիկըն), Լիզ Չէյնին (Ուայոմինկ), Փիթըր Մէյըրը (Միչիկըն), Էնթընի Կոնզալեսը (Օհայօ), Թոմ Ռայսը (Հարաւային Քարոլայնա) եւ Տէյվիտ Վալատաոն (Քալիֆորնիա):

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն յոյս յայտնեց, որ գործող նախագահը պաշտօնանկ ընելու ընթացակարգը պիտի չազդէ նոր վարչակազմին մէջ նախարարներու հաստատման ժամկէտներուն վրայ:

«Այսօր Ներկայացուցիչներու տան անդամները օգտուեցան մեր սահմանադրութեամբ իրենց վերապահուած լիազօրութիւններէն եւ քուէարկեցին պաշտօնազրկման ընթացակարգ սկսելու եւ նախագահը պատասխանատուութեան ենթարկելու ի նպաստ», կը նշէ Պայտըն` իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ան յոյս յայտնեց, որ «Ծերակոյտին մէջ ղեկավարները իրենց սահմանադրական պարտականութիւնները կատարելու այնպիսի միջոց պիտի գտնեն, որ պիտի չխոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր այլ հարցերու շուրջ աշխատանքը»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի յայտնեց, որ իր ղեկավարած օրէնսդիր մարմինի` նախագահ Թրամփի դէմ որդեգրած որոշումը կը փաստէ, թէ «ոչ ոք օրէնքէն վեր է»:

Փելոսի Ներկայացուցիչներու տան որոշումը Ծերակոյտ ուղարկելու համար զայն ստորագրելէ ետք յայտնեց. «Ներկայացուցիչներու տունը այսօր երկու կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ ցոյց տուաւ, որ ոչ ոք օրէնքէն վեր է, ոչ իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահը»:

Ան դարձեալ զգուշացուց, որ Թրամփ երկրին համար «յստակ եւ անմիջական վտանգ կը ներկայացնէ»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երկու Նոր Տիպ Յայտնաբերուած Է, Իսկ Քենիոյ Մէջ` 16

Յաջորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Իսլամապատի Մէջ Քննարկած Են Արցախեան Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?