ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին «անհիմն» որակած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիան Քլարք-Հաթթինկի դէմ ուղղուած լրտեսութեան մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը:
«Անոր դէմ հնչած մեղադրանքները… լրտեսութեան մեղադրանքները անհիմն են, եւ ես վճռականօրէն կը պաշտպանեմ զինք: Այն, ինչ որ կրնամ ձեզի ըսել, այն է, ինչ որ ինծի յայտնած են ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործընկերներս. կազմակերպութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը համաձայնութիւն ձեռք բերած են, որ Մարիան Քլարք-Հաթթինկը այս ամիս պիտի աւարտէ Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի իր պարտականութիւնը, որմէ ետք ան պիտի նշանակուի այլ յանձնարարութեան կատարման», ըսած է ան եւ աւելցուցած` Քլարք-Հաթթինկը բարձր որակաւորում ունեցող, չափազանց փորձառու եւ նուիրուած մասնագէտ է, որ նախապէս ծառայած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, ինչպէս նաեւ վարած այլ պաշտօններ Մալեզիոյ, Սոմալի, Կուինէի, Պենինի եւ Մատակասքարի մէջ:
Բացի ատկէ, Տիւժարիք յիշեցուցած է` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը Հայաստանի մէջ կը գործէ 1993 թուականէն ի վեր եւ միշտ սերտ եւ արդիւնաւէտ գործընկերութիւն ունեցած է երկրին կառավարութեան հետ:
Յիշեցնենք, որ նախապէս հայկական «Մետիափորթ» թելեկրամեան ալիքը, վկայակոչելով սեփական աղբիւրները, հաղորդած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դադրեցուցած են Մարիան Քլարք-Հաթթինկի լիազօրութիւնը` անոր նկատմամբ կասկած ունենալով Ազրպէյճանի եւ Բրիտանիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան այս առնչութեամբ յայտնած էր, որ «հայկական կողմին համար խնդրայարոյց եղած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Մարիան Քլարք-Հաթթինկի` իր լիազօրութեան գործադրման գործին մէջ ունեցած թերացումները եւ ոչ համագործակցային աշխատելաոճը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում տուած է դադրեցնելու անոր` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի պաշտօնավարումը: Որոշումին մասին ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչները տեղեակ պահուած են»:



