Իսրայէլն ու Կիպրոսը համաձայնութիւն գոյացուցած են Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ գտնուող «Աֆրոտիթէ» կազի հանքավայրի շահագործման հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող վէճի կարգաւորման շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը:
«Աֆրոտիթէ» կազի հանքավայրը կը գտնուի Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի 12-րդ զանգուածին մէջ` Միջերկրական ծովու արեւելքը, Լիմասոլէն շուրջ 160 քիլոմեթր դէպի հարաւ:
Ջրային հանքավայրի զարգացումը, ուր կը կուտակուին մինչեւ 4,5 եռիլիոն խորանարդ մեթր կազի վերականգնուող պաշարներ, կասեցուած է, որովհետեւ ատոր մէկ փոքր հատուածը կ՛երկարէր մինչեւ Իսրայէլի ծովային գօտի:
Կիպրոսի ուժանիւթի նախարար Նաթաշա Փիլիտես իր իսրայէլացի գործընկեր Եուվալ Շթայնցի հետ վէճը լուծելու ընդհանուր շրջանակ սահմանած է: Նոյն ատեն, ուղեցոյցներ պիտի տրուին նախագիծին մէջ ներգրաւուած ընկերութիւններուն:
Կազի պաշարներուն 35 առ հարիւրը կը շահագործուի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Նոպըլ Էնըրճի» ընկերութեան կողմէ, 30 առ հարիւրը` Իսրայէլի մէջ գործող «Տելեք Տրիլլինկ» ընկերութեան, իսկ միւս 35 առ հարիւրը` անգլօ¬ հոլանտական նաւթային հսկայ «Շել» ընկերութեան կողմէ:



