Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Արցախի մէջ պատերազմին եւ ատոր հետեւանքներուն:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է թրքական կողմին` պատերազմի ընթացքին Պաքուին ցուցաբերած մեծ աջակցութեան համար:
«Մենք անընդհատ միասին ենք, իրարու կ՛աջակցինք թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ ալ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ: Ի հարկէ, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը, ինչպէս գիտէք, մեծ երախտագիտութիւն յառաջացուցած է համայն ազրպէյճանցի ժողովուրդին մօտ: Ատիկա բնական է, որովհետեւ երկու եղբայրական երկիրներ միշտ ալ իրարու կողքին են:
«Իմ թանկագին եղբայր, յարգելի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` առաջին ժամերէն իսկ մեզի ցուցաբերած քաղաքական եւ բարոյական աջակցութիւնը, ի հարկէ, մեզ շատ ոգեւորած է: Համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերած են նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարը եւ խորհրդարանի անդամները: Այսինքն` պատերազմի օրերը անգամ մը եւս ցոյց տուած են, թէ մեր ժողովուրդները ինչպէ՛ս իրարու կապուած են, ի՛նչ սիրով ու յարգանքով կը վերաբերին իրարու», եզրափակած է Ալիեւ:
«Մենք ատիկա շատ բարձր կը գնահատենք: Այսօր մեր շրջանին մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ, նոր իրողութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արդէն պատմութեան գիրկն է, ատիկա լուծուած է եւ աւարտած:
«Այսօր մենք պէտք է նայինք ապագային եւ մտածենք շրջանին մէջ համագործակցութեան մասին, մասնաւորաբար, կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը փոխադրամիջոցային նախագիծերու իրականացումն է, Զանգեզուրի միջանցքի բացումը: Վստահ եմ, որ ատոր պիտի հասնինք միացեալ ջանքերու միջոցով», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:



