Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ջնջեն Իրանի դէմ անօրինական բոլոր պատժամիջոցները` ապացուցելու համար, որ ազնիւ են եւ լուրջ տրամադրուած են 2015 թուականի հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալու հարցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ»¬ը:
«Եթէ Միացեալ Նահանգներ լուրջ կը վերաբերին Իրանի հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալուն, ապա պէտք է դադրեցնեն բոլոր պատժամիջոցները», ըսած է Արաքժի` Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Հիլտէ Հարալտսթատի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ անկայունութեան եւ անապահովութեան աղբիւրները դիմակայելու ուղիները:
Արաքժի նախապէս զգուշացուցած էր, որ ՄԱԿ-ի հիւլէական գործակալութեան կառավարիչներու խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ բանաձեւի որդեգրման որեւէ փորձ ապակառուցողական քայլ պիտի ըլլայ, մասնաւորաբար Իրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերջերս կնքուած համաձայնագիրէն ետք:



