Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով երէկ խորհրդակցութիւններ կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: «Ռոսիյսքայա կազեթա» կը հաղորդէ, որ խորհրդակցութիւնները տեւած են աւելի քան երկու ժամ, եւ անոնց աւարտին դեսպանը չէ ուզած լրագրողներու հետ խօսիլ:
Անթոնով Մոսկուա հասած է կիրակի օր: Զայն Մոսկուա կանչելու մասին հաղորդուած էր 17 մարտին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մեղադրական յայտարարութիւններ կատարած էր Ռուսիոյ նախագահին հասցէին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ դեսպան Անթոնով հրաւիրուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է «ի՞նչ ընել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու հարցի ծիրին մէջ» նիւթով` խնդիրին շուրջ վերլուծութեան նպատակով: