Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալասքայի Մէջ Բարձրաստիճան Բանակցութիւններու Ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ Փոխադարձ Կարծր Խօսքեր

March 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի եւ չին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ալասքայի մայրաքաղաք Անքըրէյճի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին իրարու հասցէին կարծր խօսքեր արտասանած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Չին պաշտօնատարները Միացեալ Նահանգները ամբաստանած են այլ երկիրներ «Չինաստանի վրայ յարձակում գործելու» դրդելու յանցանքով, իսկ ամերիկացիները  Չինաստանը «դիտաւորեալ ցուցադրականութեան» կիրարկումով ամբաստանած են:

Անքըրէյճի մէջ վէճին մասնակից եղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն, իսկ չինական կողմէն` Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան աւագ պաշտօնատար Եանկ Ժիեչի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ նշած են, որ հետագային դռնփակ բանակցութիւնները եղած են «էական, լուրջ եւ անմիջական», ինչպէս նաեւ նախատեսուած երկու ժամէն աւելի տեւած են:

Պլինքըն բանակցութիւններէն առաջ իր բացման կարծր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պիտի քննարկենք մեր խոր մտահոգութիւնները Չինաստանի քայլերուն նկատմամբ, ներառեալ` Քսինեանկի, Հոնկ Քոնկի, Թայուանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու վրայ համացանցային յարձակումները եւ մեր դաշնակիցներուն դէմ կատարուած տնտեսական ճնշումները»:

«Այս քայլերէն իւրաքանչիւրը կը սպառնայ օրէնքի վրայ հիմնուած կարգին, որ կը պահպանէ համաշխարհային կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Ի պատասխան անոր, Եանկ Ուաշինկթընը ամբաստանեց իր զինուորական ուժն ու տնտեսական գերակայութիւնը այլ երկիրներ ճնշելու համար օգտագործելու մէջ:

«Ան կը չարաշահէ այսպէս կոչուած ազգային անվտանգութեան գաղափարները` արգելակելու համար առեւտրական բնական փոխանակումները եւ կարգ մը երկիրներ Չինաստանի վրայ յարձակում գործել դրդելու համար», աւելցուց ան:

Եանկ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդու իրաւունքները վատ վիճակի մէջ են, որովհետեւ հոն ծագումով ափրիկեցի ամերիկացիներ «կը ջարդուին»:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Սալիվըն հակադարձեց` ըսելով, որ Ուաշինկթըն Չինաստանի հետ տագնապի չի ձգտիր, սակայն աւելցուց. «Միշտ պիտի պաշտպանենք մեր ժողովուրդին եւ մեր բարեկամներուն սկզբունքները»:

Լրատուամիջոցներուն առջեւ բուռն բանավէճը տեւած է աւելի քան մէկ ժամ:

Նախորդը

Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Մեծ Յարձակում Գործելով` 6 Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածեցին Ռիատի Մէջ Արամքօ Ընկերութիւնը

Յաջորդը

«Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Կացութեան Բարդ Զարգացման» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.