Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Դեսպանը Նիւ Եորքէն Մեկնեցաւ Մոսկուա

March 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով Նիւ Եորքէն մեկնեցաւ Մոսկուա: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Անթոնով խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Մոսկուա:

«Ամերիկեան նոր վարչակազմը կ՛իշխէ գրեթէ երկու ամիսէ ի վեր: 100 օրուան խորհրդանշական թուականը հեռու չէ, եւ ատիկա լաւ առիթ է փորձելու գնահատել, թէ Ճօ Պայտընի խումբին մօտ ինչը յաջող կ՛ընթանայ, ինչը` ոչ», յայտարարած էին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն` շեշտելով, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները յայտնուած են փակուղիի մէջ, եւ ամէնէն կարեւորը ատկէ դուրս գալու ուղիներ գտնելն է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշած է, որ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կը պահպանեն այնտեղ, ուր ատիկա կը համապատասխանէ իրենց շահերուն, սակայն մտադիր են պատասխանատուութեան ենթարկել Մոսկուան` «չարամիտ գործողութիւններու» համար: Այն հարցումին, թէ Անթոնով հանդիպա՞ծ է ամերիկեան վարչակազմէն ոեւէ մէկու հետ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կալինա Փորթըր պատասխանած է, որ չի կրնար տեղեկացնել որեւէ հանդիպումի մասին:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարած է, որ Մոսկուա պիտի մնայ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է: Ան ըսաւ, որ Մոսկուայի մէջ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչութեամբ շատ աշխատանք կայ կատարելիք:

«Քանի մը նախարարութիւններու մէջ հանդիպումներ նախատեսուած են: Որքան ժամանակ պիտի պահանջուի` կը դժուարանամ ըսել, սակայն որքան պէտք ըլլայ, այդքան ալ պիտի մնամ Մոսկուա», ըսած է Անթոնով:

Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ ըսած է, որ ռուսական կողմը հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններով այնքան, որքան ատով շահագրգռուած են Միացեալ Նահանգները:

«Ռուսական կողմը միշտ ընդգծած է, որ հետաքրքրուած է ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն զարգացումով այնքան, որքան մեր ամերիկացի գործընկերները պատրաստ են», յայտնած է ան:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ռուս ծերակուտական Ալեքսէյ Փուշքով ֆրանսացի վերլուծաբան Քրիսթիան Մալարի հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութեան պատճառով նոր պաղ պատերազմի վտանգին մասին:

«Այո՛, նոր պաղ պատերազմի վտանգ իսկապէս գոյութիւն ունի: Անիկա պիտի սկսի, եթէ Պայտըն մոռնայ, թէ Միացեալ Նահանգները ի վիճակի չեն յաղթելու Ռուսիոյ: Այդ փաստը անոնք պէտք է հասկնան: Միացեալ Նահանգները պէտք է նաեւ շարժին փոխըմբռնման հասնելու ուղղութեամբ, ի հարկէ, աւելի լաւ է, համաշխարհային ոլորտներու մէջ, բայց կարելի է սկսիլ նաեւ աւելի նեղ, սակայն ոչ նուազ կարեւոր ոլորտներէ, ինչպէս օրինակ` հիւլէական անվտանգութեան առչնուող հարցերէն», ըսած է Փուշքով:

Վերջինս մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Սպիտակ տան ղեկավարի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հասցէին կատարած արտայայտութիւններուն նպատակը հակառուսական դաշինքի ձեւաւորումն է:

Յիշեցնենք, որ Պայտըն ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին դրական պատասխանած է լրագրողի հարցումին, թէ «արդեօք Փութինը մարդասպա՞ն կը նկատէ»: Բացի ատկէ, ան Ռուսիոյ ղեկավարը մեղադրած էր ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտելու համար:

 

Նախորդը

Զարիֆ Չաւուշօղլուի Հետ Իր Բանակցութիւնները Կ՛որակէ «Շատ Արդինաւէտ»

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Չէ «Էս-400»-ներ Ունենայ, Սա Է Խնդիրը Լուծելու Միակ Միջոցը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.