Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ կացութեան բարդ զարգացման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այնպէս որ (Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ) կացութիւնը իրականութեան մէջ դիւրին չէ, սակայն մենք պատրաստ ենք իրադարձութիւններու նման զարգացման», Կորպաչովի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ընթացքին ըսած է Լաւրով:
Ան յիշեցուցած է նախապէս հնչած դիրքորոշումը, թէ Ռուսիան պատրաստ պիտի ըլլայ համագործակցելու Միացեալ Նահանգներու հետ «միայն այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը հետաքրքրեն Ռուսիան, եւ միայն երկրին ձեռնտու պայմաններով»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «պիտի վճարէ 2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելուն համար»:
Այն հարցումին, թէ արդեօք կը կարծէ՞, որ Ռուսիոյ նախագահը մարդասպան է, Պայտըն պատասխանած էր «այո»:
Փութին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն Պայտընի` զինք «մարդասպան» որակելուն ի պատասխան ըսած էր.«Ինչ կը վերաբերի իմ ամերիկացի գործընկերոջս յայտարարութեան, մենք իսկապէս, ինչպէս ան նշած է, անձամբ ծանօթ ենք: Ես պիտի պատասխանէի անոր` առողջ եղէք»: Ան ընդգծած էր, որ ատիկա կ՛ըսէ «առանց հեգնանքի եւ կատակի»:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած էր. «Ով որ նման վիրաւորական բան կ՛ըսէ, ինքնին ինքն է այդպիսին»:
Փութին Պայտընին նաեւ առաջարկած էր ուղիղ եթերով բաց երկխօսութիւն կատարել:
«Կ՛ուզեմ նախագահ Պայտընին առաջարկել շարունակել մեր քննարկումները, սակայն պայմանով, որ մենք ատիկա ընենք գործնականին մէջ ուղիղ եթերի վրայ, այսինքն` առցանց: Սակայն առանց յապաղումներու, ուղիղ եւ բաց, անմիջական քննարկումներ», ըսած էր ան:
Միւս կողմէ, «Սփութնիք Արմենիա» երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անտեսած է լրագրողի մը հարցումը, թէ արդեօք համաձա՞յն է ուղիղ եթերի վրայ խօսելու Ռուսիոյ նախագահին հետ:
Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը անտեսած է հարցումը, չէ պատասխանած եւ նոյնիսկ առանց շրջուելու ամպիոնէն հեռացած է փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ուղեկցութեամբ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Պայտընի` Ռուսիոյ նախագահի հասցէին կատարած յայտարարութեան, յայտնեց. «Պայտընի կողմէ Փութինի մասին կատարուած մեկնաբանութիւնները անընդունելի են պետութեան ղեկավարի մը համար»:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Փութին արժանի պատասխան տուաւ Պայտընին: «Ան (Փութինը) շատ խելացի է եւ փայլուն պատասխան տուած է», լրագրողներուն ըսաւ Էրտողան: