Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանն Ու Իսրայէլը Իրենց Միջեւ Պաշտպանական Ոլորտի Մեծագոյն Գործարքը Կնքած Են

April 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանն ու Իսրայէլը յայտարարած են իրենց համագործակցութեան պատմութեան մէջ պաշտպանական ոլորտին մէջ մեծագոյն գործարքի կնքման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Գործարքին արժէքը կը գնահատուի 1,65 միլիառ տոլար եւ կը ներառէ 22 տարուան ընթացքին «էլպիթ Սիսթըմզ» պաշտպանական կապալառուին կողմէ Յունաստանի օդուժի նոր ուսումնական կեդրոնի ստեղծումը: Այս նոր յարմարութիւնները պիտի բարելաւեն յոյն օդաչուներու պատրաստուածութիւնը` իսրայէլեան թռիչքային ակադեմիային մէջ ծրագրելով անոնց դասընթացքները:

«Համոզուած եմ, որ այս ծրագիրը պիտի բարձրացնէ կարելիութիւններու մակարդակը եւ պիտի ուժեղացնէ Իսրայէլի եւ Յունաստանի տնտեսութիւնները, եւ այդպիսով պաշտպանական, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներու մէջ մեր երկու երկիրներու գործընկերութիւնը պիտի խորանայ», ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց:

Վերջին տարիներուն Իսրայէլի եւ Յունաստանի միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կայունօրէն աճած է` դրացի Թուրքիոյ հետ լարուածութեան լոյսին տակ, որուն պատճառը Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն է:

Պաշտպանական ոլորտին մէջ ստորագրուած գործարքին մասին յայտարարուած է Կիպրոսի մէջ կայացած վեհաժողովէն ետք, որուն մասնակցած են Յունաստանի, Իսրայէլի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարները: Վեհաժողովը տեղի ունեցած է Յունաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած վիճայարոյց հանդիպումէն քանի մը օր ետք:

 

Նախորդը

«Աֆղանական Հողերուն Վրայ Որեւէ Ահաբեկչական Յարձակում Արգիլելու Ներուժը Ունինք» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Սկսած Է Դէպի Նախիջեւան Ճամբու Շինարարութեան. Ապա Պիտի Կառուցուի Երկաթուղի» Կ՛ըսէ Թուրք Նախարար Մը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.