Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութինին Ամրան Եւրոպայի Մէջ Հանդիպիլ Առաջարկելով` «Ես Եւ Փութինը Անկեղծ Ու Յարգալից Զրոյց Ունեցած Ենք, Երկուքս Ալ Մեծ Պատասխանատուութիւն Ունինք Մեր Յարաբերութիւններուն Եւ Համաշխարհային Անվտանգութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Ապրիլ 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ վերջին զրոյցը որակած է իբրեւ անկեղծ եւ յարգալից:

«Փութինի հետ մեր երկիրներու եւ մեր անձնական յարաբերութիւններու բնոյթին մասին խօսած ենք: Ես անկեղծ եղած եմ անոր հետ, յարգալից: Զրոյցը անկեղծ ու փոխադարձաբար յարգալից եղած է: Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները երկու մեծ տէրութիւններ են, որոնց վրայ ալ համաշխարհային անվտանգութեան համար պատասխանատուութիւն դրուած է», նշած է Պայտըն:

Ըստ անոր, անձամբ իրենք մեծ պատասխանատուութիւն ունին երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

«Ես այդ պատասխանատուութեան շատ լուրջ կը մօտենամ, վստահ եմ` նաեւ Փութինը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ 15 ապրիլին պատժամիջոցներ հաստատած էին ռուսական քանի մը ճարտարագիտական ընկերութիւններու դէմ, ուժի մէջ պիտի մտնեն նաեւ մուտքի արտօնագրային նոր սահմնափակումներ եւ սեփականութեան վրայ արգելքներ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահին առաջարկած է ամրան հանդիպիլ Եւրոպայի մէջ:

«Երբ կը խօսէի նախագահ Փութինի հետ, համոզում յայտնեցի, որ անձնական, ուղիղ հաղորդակցութիւնը մեր միջեւ շատ կարեւոր է, ներառեալ յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը մեծցնելը: Ան ինծի համաձայն գտնուեցաւ: Այդ առումով ես անոր առաջարկեցի ամրան հանդիպիլ Եւրոպայի մէջ վեհաժողովի ծիրին մէջ, որպէսզի քննարկենք մեր երկիրներուն համար օրակարգային հարցեր», ըսած է Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսած է, որ իր եւ Փութինի աշխատակազմերը այժմ  այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Անոր համաձայն, Փութին ինք առաջարկած է սպասուող հանդիպման ժամանակ քննարկել ռազմավարական կայունութեան հարցը:

«Այդ վեհաժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կրնան երկխօսութեան սկսիլ ռազմավարական կարեւորութեան շուրջ` սպառազինութիւններու վերահսկման եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ: Մենք կրնանք լուծել համաշխարհային կարեւորագոյն մարտահրաւէրները, որոնք Ռուսիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջեն միասին աշխատիլ, ներառեալ Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական սպառնալիքները եւ կլիմայի փոփոխութեան հարցը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

 

 

 

Նախորդը

Այցելելով Բռնագրաւուած Աղտամ` «Քիեւ Աջակցած Է, Կ՛աջակցի Եւ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին» Կը Յայտարարէ Ուքրանիոյ Փոխ Վարչապետը

Յաջորդը

Ըստ «Արապիա»-ի. Թրքական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Այցելէ Եգիպտոս

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?