Չեխիոյ առաջին փոխվարչապետ եւ ներքին գործոց նախարար, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Եան Համաչեք յայտնեց, որ ռուս 18 դիւանագէտներու վտարման դէմ ռուսական հակազդեցութիւնը Չեխիոյ ակնկալածէն «աւելի ուժեղ» էր` աւելցնելով, որ Չեխիան եւրոպական պետութիւններէն աջակցութիւն խնդրած է:
«Հանդիպում պիտի ունենամ վարչապետին հետ` քննարկելու համար, թէ չեխական կողմը կարիքը ունի՞ յաւելեալ քայլեր որդեգրելու եւ ատիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
Չեխիոյ իշխանութիւնները 17 ապրիլին երկրէն վտարեցին 18 ռուս դիւանագէտներ: Եւրոպական լրատուամիջոցներու համաձայն, վտարուած դիւանագէտները ռուսական հետախուզութեան անդամներ էին եւ կ՛աշխատէին գաղտնի:
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը յառաջացած էր, երբ Չեխիան Մոսկուան ամբաստանած էր 2014 թուականին չեխական հողի վրայ զինամթերքի պահեստանոցի մը ականահարման ետին կանգնելու յանցանքով: Ռուսիան մերժած էր ամբաստանութիւնը եւ զայն նկատած անհիմն:
Համաչեք նաեւ յայտնեց, որ Փրական ողջունած է Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ¬ի դաշնակիցներուն կողմէ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան սպաներու արտաքսումը:
Անոր համաձայն, այդ երկիրները զօրակցած են 18 ռուս դիւանագէտներ վտարելու Փրակայի որոշումին: «Մենք պիտի ուզէինք, որ անոնք նաեւ արտաքսեն Ռուսիոյ հետախոյզ սպաները: Մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր դաշնակիցներուն արձագանգը աւելի ուժեղ ըլլայ», ըսաւ Համաչեք:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց Փրակա-7 շրջանի ղեկավար Եան Չիժինսքիի: Ան պահանջած էր, որ Ռուսիան վերադարձնէ «Սթրոմովքա» քաղաքային զբօսայգիի այն մասը, ուր այժմ կը գտնուի Ռուսիոյ դեսպանատունը:
«Եթէ Փրական իր առանձնակի նախանձախնդիր թաղապետներով յանդգնի այլ «գործիքակազմի» դիմել, ապա մենք ձեզ կը յիշեցնենք, որ չեխական կողմը նոյնպէս զգալի անշարժ գոյք ունի Ռուսիոյ մայրաքաղաքի Թվերսքայա փողոցի տարածքին մէջ», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ ռուսական դեսպանատան տարածքը Խորհրդային Միութեան յատկացուած է 1970-ականներու սկիզբը` գոյութիւն ունեցող խորհրդային¬ չեխոսլովաքեան համաձայնութիւններու հիման վրայ:
Միւս կողմէ, «Ի.Էյ.Տէյլի» հաղորդեց, որ Չեխիոյ խորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները սուր կերպով քննադատած են երկրի վարչապետ Անտրէյ Պապիշի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ 2014-ին Վրպեթիցէի մէջ զինամթերքի պահեստանոցի ռմբահարումը «պետական ահաբեկչութեան գործողութիւն չէր»: Ըստ հանրապետութեան վարչապետին, «Ռուսիան յարձակած է ոչ թէ Չեխիոյ, այլ պուլկարական զէնք վաճառողի ապրանքներու վրայ, որ, ըստ երեւոյթին, զանոնք կը վաճառէր Ռուսիոյ դէմ կռուող երկիրներուն»:
Ընդդիմութեան կարծիքով, կառավարութեան ղեկավարին յայտարարութիւնը «զգայացունց է»:
«Այսինքն, ըստ վարչապետին, ասիկա ահաբեկչութիւն չէ՞ր Չեխիոյ Հանրապետութեան դէմ: Ի՞նչ էր ատիկա այդ պարագային: Քանի մը ռուս գործակալներ շրջագայութեան եկած են եւ սխալմամբ ռումբը մեր զինուորական պահեստին մէ՞ջ մոռցած են: Արդեօք մենք պէտք չէ՞ ներում հայցենք, որ պայթումը շատ արագ տեղի ունեցած է», Պապիշի խօսքերը մեկնաբանած է Քրիստոնեայ¬դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Մարիան Եուրեչքա:



