Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Կը Գտնուին Փոխադարձ Վստահութեան Անհրաժեշտ Մակարդակի Հաստատման Դժուար Ճամբուն Միայն Սկիզբը» Կ՛ըսէ Զախարովա

April 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան պատրաստ է օժանդակութիւն տրամադրելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ու բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք չենք կրնար չողջունել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կայուն խաղաղութեան բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած նախաձեռնութիւնները: Անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին եւ այս տարուան 11 յունուարին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն ձեռք բերած համաձայնութիւնները յուսալի հիմք են ատոր համար: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու ցուցաբերել բոլոր կարելի օժանդակութիւնները նման հոլովոյթներուն: Ի հարկէ, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը փոխադարձ վստահութեան անհրաժեշտ մակարդակի հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման դժուար ճամբուն միայն սկիզբն են: Կարեւոր է, որ այս յառաջխաղացքը ուղեկցուի դրական ենթահողով, ներառեալ` տեղեկատուական», ըսած է ան:

Ըստ Զախարովայի, ազրպէյճանցի եւ հայ ընկերներու հետ փոխադարձ գործակցութիւն ստեղծելու համար տակաւին շատ դժուարութիւններ կան յաղթահարելու: «Մենք կը շեշտենք, որ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնն ու կայուն տնտեսական զարգացումը կը համապատասխանեն այս շրջանին մէջ Ռուսիոյ բոլոր գործընկերներու շահերուն: Մենք կ՛ակնկալենք, որ գործնական հարցերուն մէջ կողմերը պիտի ձգտին քայլերու, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորման ու վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելուն, այլ ոչ թէ նոր բաժանարար գիծերու», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչած Է Երկրին Մէջ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը` Եւրոպական Միութեան Բանագնացի Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Միջեւ Հանդիպումին Պատճառով

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Առաքելութիւնը Տակաւին Չսկսած Աւարտած Է. Ազրպէյճան Վերականգնած Է Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարաննի Փոխանախագահը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.