Թուրքիոյ հեղինակաւոր Պոսֆոր համալսարանի բողոքող ուսանողները «Թուիթըր»-ի վրայ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Մոռցած էք, որ հայերու ոչնչացումը կը նշանակէ Թուրքիոյ կործանում: 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին կը կիսենք հայ ժողովուրդի ցաւը, արժանապատիւ դիմադրութիւնները յարգանքով կ՛ողջունենք», նշած են անոնք` մէջբերումներ կատարելով հայ յեղափոխական Փարամազէն:
Պոլսոյ համալսարանի ուսանողները իրենց բողոքի ցոյցերուն սկսած են, երբ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ինքնագլուխ կերպով նշանակած է համալսարանի տնօրէնը: