Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ ժաւատ Զարիֆը ներում հայցած է Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի նախկին հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի մասին իր խօսքերուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Խօսքը իրանցի տնտեսագէտ Սայիտ Լիլիազի հետ հարցազրոյցի մասին է, որմէ հատուածներու ձայնագրութիւններ յայտնուած էին լրատուամիջոցներուն մէջ: Անձնական զրոյցի ժամանակ Զարիֆ քննադատած էր զօր. Սիւլէյմանիի` Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ վարելու համար:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ խօսքերս ոչ մէկ ձեւով կը նուազեցնեն զօր. Սիւլէյմանիի մեծութիւնը եւ անոր անփոխարինելի դերը Իրանի անվտանգութեան վերականգնման հարցին մէջ: Յոյսով եմ, որ Իրանի ժողովուրդը եւ յատկապէս Սիւլէյմանիի մտերիմները կը ներեն ինծի», կը նշուի իրանեան դիւանագիտութեան պետին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ զօր. Սիւլէյմանին սպաննուած էր 3 յունուար 2020 թուականին, Պաղտատի օդակայանին մօտ ամերիկեան օդուժին կատարած օդային հարուածին հետեւանքով:
Նշենք, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի, մեկնաբանելով սպրդած ձայնագրութիւնը, յայտնեց. «Վերջերս լսեցինք կարգ մը պաշտօնատարներու յայտարարութիւններ, որոնք ամերիկեան յայտարարութիւններու կրկնութիւն են»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան պատճառով դժգոհ էին «Քուտս» ջոկատէն եւ անոր ղեկավար Քասեմ Սիւլէյմանիէն:
«Ամերիկան Սիւլէյմանին ահաբեկեց շրջանին մէջ Իրանի բարոյական ազդեցութեան պատճառով, եւ պէտք չէ «Քուտս» ջոկատի եւ Սիւլէյմանիի դէմ ամերիկեան յայտարարութիւնները կրկնել», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Արտաքին քաղաքականութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ չի ճշդուիր, այլ պետութեան բարձրագոյն շրջանակներուն մէջ»::