Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Արցախի Եւ Շրջանին Մէջ Յետպատերազմեան Կացութիւնը

April 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 28 ապրիլին զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Պլինքըն եւ Ալիեւ ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի գործընկերութեան կայուն կարեւորութիւնը եւ քննարկած շարք մը հարցեր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգումը եւ նշած, որ կարեւոր է շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերը` բանակցելու Արցախի տագնապի երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման համար` ի շահ շրջանի բոլոր մարդոց:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ալիեւի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ալիեւ Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ալիեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութեան նիւթին` ընդգծելով. «Թուրքիան Ազրպէյճանի մտերիմ ընկերն ու դաշնակիցն է: Թուրքիան շատ կարեւոր եւ դրական դեր ունի յետպատերազմեան շրջանին մէջ, եւ երկրի ղեկավարութիւնը եւ հասարակութիւնը մտահոգութեամբ ընդունած են Պայտընի խօսքերը»:

Հաղորդակցութեան ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է հայ-ազրպէյճանական պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ, նշած է մամլոյ ծառայութիւնը: Ալիեւ ընդգծած է նաեւ շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գաւազանի Եւ Ստեպղինի Խաղի Դրսեւորում Է» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Պլինքըն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Յայտարարութեան Իմաստը Զոհերու Յիշատակը Յարգելն Է Եւ Ոչ Թէ Մեղադրանք Առաջադրելը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.