Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չինաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Աւելի Յարձակողական Կը Դառնայ. Ատիկա Փաստ Է» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Մայիս 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ զինուորական ճակատումը կը հակասէ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներու շահերուն:

«Կը կարծեմ, որ զինուորական ճակատումը, այդ կէտին հասնիլը կամ նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ շարժիլը, խորապէս կը հակասէ թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներու շահերուն», ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Պլինքընի համաձայն, Չինաստանը երկիր մըն է, որ ունի զինուորական, տնտեսական եւ դիւանագիտական ներուժ` «կանոններու վրայ հիմնուած կարգը վիճարկելու համար», եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխուժօրէն կ՛աջակցին եւ կը պաշտպանեն այդ կարգը: Պլինքըն աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նպատակը «Չինաստանը զսպելը չէ», այլ «հաստատուած կարգը պահպանելը», որուն Չինաստան «մտադիր է մարտահրաւէր նետել»:

«Կը կարծեմ, որ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին մենք ականատես եղած ենք, որ Չինաստանը իր իսկ մէջ աւելի բռնաճնշող դարձած է, իսկ արտաքին քաղաքականութեան առումով` աւելի յարձակողական: Ասիկա փաստ է», ըսած է արտաքին գործոց նախարարը:

Հարցազրոյցի ընթացքին բարձրացուած է նաեւ Չինաստանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու նիւթը: Պլինքըն այս առնչութեամբ ըսած է, որ Չինաստանի Սինցիան-ույղուրեան ինքնավար շրջանին մէջ իշխանութիւններու գործողութիւնները նման են ույղուրներու «ցեղասպանութեան»:

«Մենք յստակօրէն հասկցուցած ենք, որ Սինցզիանի մէջ կացութիւնը ույղուրներու դէմ ցեղասպանութիւն կը թուի: Աւելի քան մէկ միլիոն մարդ ուղարկուած է համակեդրոնացման եւ հարկադիր աշխատանքի ճամբարներ: Փեքին կ՛ըսէ, որ տարածքին մէջ ահաբեկչական սպառնալիք կայ, սակայն մենք նման բան չենք տեսներ», շեշտած է ան:

Ըստ Չինաստանի իշխանութիւններուն, Չինաստանի Սինցզիան-ույղուրեան ինքնավար շրջանի տարածքին մէջ կը գործէ «Արեւելեան Թուրքիստան» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, զոր Փեքին կը մեղադրէ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, մասնաւորաբար Քայիտայի հետ կապ ունենալու յանցանքով: Լրատուամիջոցները յայտնած են, որ «Արեւելեան Թուրքիստան»-ը կը զինուորագրէ տեղւոյն բնակիչները եւ զանոնք կ՛ուղարկէ Սուրիոյ եւ Իրաքի ծայրայեղականներու ուսումնական ճամբարներ:

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 4 նոյեմբեր 2020-ին հրապարակուած հրամանագիրով շարժումը դուրս բերած էր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: Չինաստան այդ առնչութեամբ խիստ բողոք յայտնած է:

Օգոստոս 2018-ի վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի ցեղային խտրականութեան ջնջման հարցերով յանձնախումբի փորձագէտները զեկուցած են, որ մինչեւ մէկ միլիոն ույղուրներ կրնան գտնուիլ Չինաստանի Սինցզիան-ույղուրական ինքնավար շրջանի «վերադաստիարակման ճամբարներ»-ուն մէջ: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ույղուրները «վերադաստիարակման ճամբար»-ներուն մէջ պահելու մասին տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Չինաստանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Սինցզիանի հետ առնչուած խնդիրները բնաւ մարդու իրաւունքներու, ազգային կամ կրօնական խնդիրներ չեն, խնդիրները կը վերաբերին բռնութեան, ահաբեկչութեան եւ անջատողականութեան հարցերուն:

 

 

Նախորդը

Զարիֆ Ներում Հայցած Է Զօր. Սիւլէյմանիի Եւ Ռուսիոյ Մասին Իր Խօսքերուն Համար

Յաջորդը

Մոսկուա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ուաշինկթընի Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Քննարկումներու Սկսելու

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?