Իրանի իսլամական հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ բանբեր Ալի Ռապիհի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման գաղափարին մասին եւ ընդգծած, որ Իրան կ՛ուզէ, որ Միացեալ Նահանգներ ազատ արձակեն այդտեղ պատիժ կրող իրանցի բանտարկեալները: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը:
Կառավարութեան մամլոյ բանբերը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու բանտերուն մէջ պատիժ կրող իրանցիներու թիւը աւելի է, քան իրանեան բանտերուն մէջ գտնուող ամերիկացիները:
Ըստ պաշտօնատարին, ներկայիս Իրանն ու Միացեալ Նահանգները կ՛ուսումնասիրեն բանտարկեալներու փոխանակման ուղիները:



