Միջազգային

Թրամփ. «Շի Ճինփինկ Այս Տարուան  Վերջաւորութեան Ուաշինկթըն Պիտի Այցելէ»

Թրամփ. «Շի Ճինփինկ Այս Տարուան Վերջաւորութեան Ուաշինկթըն Պիտի Այցելէ»

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ այս տարուան վերջաւորութեան Ուաշինկթըն պիտի այցելէ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Ես Չինաստան պիտի երթամ ապրիլին, իսկ ան այստեղ պիտի գայ այս տարուան վերջաւորութեան», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի ղեկավարները վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էին:  

Մետվետեւ. «Ռուսիան Շահագրգռուած  Չէ Համաշխարհային Հակամարտութեամբ»

Մետվետեւ. «Ռուսիան Շահագրգռուած Չէ Համաշխարհային Հակամարտութեամբ»

Ռուսիան շահագրգռուած չէ համաշխարհային հակամարտութեամբ: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի, «Ռոյթըրզ»-ի եւ «ՈւորԿոնզօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: «Մենք խելագար չենք: Մենք ասիկա հարիւր անգամ ըսած ենք: Համաշխարհային հակամարտութիւնը որո՞ւն է պէտք», ըսած է Մետվետեւ: Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի կրնար բացառել հիւլէական կոճակը սեղմելու կարելիութիւնը: «Իւրաքանչիւր անձ, որ առաջադրուած ու ընտրուած...

Քալլաս. «Վերջին 100 Տարուան Ընթացքին  Ռուսիան Առնուազն 19 Երկրի Վրայ Յարձակած Է»

Քալլաս. «Վերջին 100 Տարուան Ընթացքին Ռուսիան Առնուազն 19 Երկրի Վրայ Յարձակած Է»

Ռուսիան վերջին 100 տարուան ընթացքին առնուազն 19 երկրի վրայ յարձակած է: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: «Այս երկիրներէն ոչ մէկը յարձակած է Ռուսիոյ վրայ: Մենք պէտք է Ռուսիայէն զիջումներու հասնինք` անոնց զինուորական պիւտճէի, բանակի կամ հիւլէական զէնքի սահմանափակման հարցին մէջ», ըսած է Քալլաս:  

Պարրաք. «Էրտողան Շահագրգռուած  Չէ Օսմանեան Կայսրութեան Վերածնունդով»

Պարրաք. «Էրտողան Շահագրգռուած Չէ Օսմանեան Կայսրութեան Վերածնունդով»

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ հռետորաբանութիւնը հիմնականին մէջ յայտարարողական բնոյթ կը կրէ եւ չ՛արտացոլացներ ղեկավարներու իրական մտադրութիւնները: «Նեթանիահուի եւ Էրտողանի հռետորաբանութիւնը ուղղակի խլացուցիչ է: Անոնք ընդամէնը դատարկ խօսքեր են», նշած է Պարրաք: Անոր համաձայն, ղեկավարներէն ոչ մէկը կը ձգտի ընդլայնել իր երկրին պատմական սահմանները:...

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Թէ Քուպայի Հետ  Համաձայնութիւն Մը Պիտի Կնքենք»

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Թէ Քուպայի Հետ Համաձայնութիւն Մը Պիտի Կնքենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Քուպայի իշխանութիւններուն հետ կը կատարէ երկխօսութիւն մը, որ հաւանաբար համաձայնութեան մը գոյացման յանգի: «Մենք Քուպայի ժողովուրդին եւ Քուպայի մէջ բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնատարներուն հետ կը խօսինք: Նայինք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ լրագրողներու հետ իր զրոյցին ընթացքին աւելցուց. «Կը կարծեմ, թէ Քուպայի հետ համաձայնութիւն մը պիտի կնքենք»:...

Պաքայի. «Օմանի Մէջ Բանակցութիւններուն  Իսկական Առիթ Պիտի Տանք, Հակառակ Ամերիկայի  Թշնամական Հռետորաբանութեան»

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները` Հինգշաբթի Օր

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները ներկայացնող բանագնացներ հինգշաբթի օր անգամ մը եւս անուղղակի բանակցութիւններ պիտի վարեն Ժընեւի մէջ: Պուսահիտի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ հաստատելու, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները որոշուած են հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յաւելեալ քայլ կատարելու դրական մտադրութեամբ»: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան...

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման  Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի  յայտարարած է, թէ հաւանաբար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ` նշելով, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ տակաւին դիւանագիտական լուծումի հասնելու «լաւ կարելիութիւն կայ»: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Յիշեցնենք, որ 17 փետրուարին Ժընեւի մէջ...

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ  Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Իրանը այժմ Միացեալ Նահանգներու հետ հաւանական գործարքի վերաբերեալ փաստաթուղթ կը պատրաստէ, սակայն ժամանակաւոր գործարքի կնքման շուրջ տեղեկութիւնը չի հաստատեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի: «Մենք այժմ կը գտնուինք մեր տեսակէտներու նախապատրաստման փուլին մէջ», ըսած է Պաղայի: Ան նաեւ ենթադրութիւն կոչած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տարբեր տեղեկութիւնները: Պաղայիի...

Իրանի Մէջ Ուսանողական Զանգուածային  Բողոքի Ցոյցերու Նոր Փուլ Սկսած Է

Իրանի Մէջ Ուսանողական Զանգուածային Բողոքի Ցոյցերու Նոր Փուլ Սկսած Է

Իրանի մէջ սկսած է ուսանողական զանգուածային բողոքի ցոյցերու նոր փուլ` նուիրուած յունուարեան ցոյցերուն ժամանակ զոհուածներու յիշատակի քառասունքին: Այս մասին իր կայքին վրայ յայտնած է Իրանի դիմադրութեան ազգային խորհուրդը: Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Մեշհետ, Իսֆահան եւ Շիրազ քաղաքներուն մէջ: Ցոյցերուն ընթացքին հնչած են հակակառավարական կարգախօսներ: «Նոր ուսումնական կիսամեակի առաջին օրը իրանեան քանի մը համալսարաններու ուսանողներ կազմակերպած են հակակառավարական ցոյցեր` համալսարանական...

Փեզեշքիան. «Կը Շարունակենք Մօտէն Հետեւիլ  Ամերիկեան Շարժումներուն Եւ Որեւէ Բեմագրութեան  Պատրաստուածութեան Անհրաժեշտ  Բոլոր Քայլերը Որդեգրեցինք»

Փեզեշքիան. «Կը Շարունակենք Մօտէն Հետեւիլ Ամերիկեան Շարժումներուն Եւ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուածութեան Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Որդեգրեցինք»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու վերջին փուլը «քաջալերական ցուցանիշերու յանգեցաւ»: Փեզեշքիան «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Կը շարունակենք մօտէն հետեւիլ ամերիկեան շարժումներուն եւ որեւէ բեմագրութեան պատրաստուածութեան անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրեցինք»:

Պարրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Իրաքի Մէջ Կազմելու  Ազդու Ղեկավարութիւն Մը, Որ Կայունութեան  Ամրապնդման Քաղաքականութիւն Կ՛որդեգրէ

Պարրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Իրաքի Մէջ Կազմելու Ազդու Ղեկավարութիւն Մը, Որ Կայունութեան Ամրապնդման Քաղաքականութիւն Կ՛որդեգրէ

Մինչ վարչապետի պաշտօնին Նուրի Մալիքիի թեկնածութեան խորապատկերին վրայ Իրաքը տակաւին կը սպասէ նոր կառավարութեան կազմութեան, ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք անհրաժեշտ նկատեց, որ Իրաք ունենայ ազդու ղեկավարութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ կայունութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: Պարրաք «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Երէկ արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցայ վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ»: «Անհրաժեշտ է գոյութիւնը...

Ամերիկեան Ուժերը Սկսած Են Սուրիայէն  Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզ Հեռանալ

Ամերիկեան Ուժերը Սկսած Են Սուրիայէն Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզ Հեռանալ

Ամերիկեան բանակը սկսած է իր ուժերը Սուրիայէն դէպի Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզ հեռացնել: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Ժազիրա» կ՛աւելցնէ, որ ամերիկեան ուժերը կը հեռանան Քասրաք ռազմակայանէն, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանն է եւ կը գտնուի երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ: Քրտական աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերը սկսան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը...

Զելենսքի. «Կը Կարծեմ, Որ Փութին  Համաշխարհային Գ. Պատերազմը Սկսած Է,  Եւ Մենք Պաշտպանութեան Առաջին Գիծն Ենք»

Զելենսքի. «Կը Կարծեմ, Որ Փութին Համաշխարհային Գ. Պատերազմը Սկսած Է, Եւ Մենք Պաշտպանութեան Առաջին Գիծն Ենք»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Համաշխարհային Գ. պատերազմը սկսած է, եւ անիկա պէտք է դադրեցուի: Այս մասին հակամարտութեան քառամեակին ընդառաջ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Ուքրանիոյ ղեկավարը պնդած է, որ Փութինի Ուքրանիա ներխուժումը սկիզբ դրած է աւելի լայնածաւալ հակամարտութեան, որ կ՛ազդէ համաշխարհային համակարգին վրայ, եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ դէմ կիրարկելու զինուորական ու տնտեսական աշխուժ ճնշում:...

Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի.  Իրանի Մէջ Ցոյցերու Նախօրեակին Լարիժանի  Ձախողութեան Մատնած Է Խամենէին  Հեռացնելու Փորձ Մը

Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի. Իրանի Մէջ Ցոյցերու Նախօրեակին Լարիժանի Ձախողութեան Մատնած Է Խամենէին Հեռացնելու Փորձ Մը

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը հաղորդեց իրանեան վարչակարգին մէջ յեղաշրջման փորձի մը մասին, որ թիրախաւորած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին` զինք տագնապը կառավարելէ արգիլելու համար: Փորձը կատարուած է յունուարին` երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտէն առաջ: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, նախաձեռնութիւնը երեւան եկած է 7 եւ 8 յունուարի միջեւ եղող գիշեր, այսինքն` մէկ օր առաջ բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտէն,...

Փահլեւի Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղէ` Իրանի Մէջ  Զինուորական Շտապ Միջամտութիւն Կատարելու

Փահլեւի Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղէ` Իրանի Մէջ Զինուորական Շտապ Միջամտութիւն Կատարելու

Իրանի վերջին շահի որդին` Ռեզա Փահլեւի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց` Իրանի մէջ «շտապ» զինուորական միջամտութիւն կատարելու, եւ վերահաստատեց երկրին մէջ «անցումային շրջան»-ը ղեկավարելու իր առաջարկը: «Կը յուսամ, որ նախագահ Թրամփ գիտակցի, թէ շտապ միջամտութիւնը որքան կրնայ կեանքեր փրկել եւ մեզի օգնել վերջ տալու այս մերժուած վարչակարգին»,...

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը.  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի  Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան ու Ուաշինկթըն տարակարծիք են պատժամիջոցները վերցնելու տարողութեան եւ մեքանիզմին շուրջ: Պաշտօնատարը ըսաւ, որ պէտք է ճանչնալ հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ պայքարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ իւրանիոմ հարստացնելու Իրանի իրաւունքը` շեշտելով, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ իր իրաւական իրաւունքներուն: Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը երէկ հաղորդեց. «Ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ, եթէ Իրան մօտ օրէն առաջարկ մը ուղարկէ»: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատրաստ է ուսումնասիրելու առաջարկ մը, որ Իրանին կ՛արտօնէ իւրանիոմի խորհրդանշական հարստացում կատարել, պայմանով որ ատիկա հիւլէական զէնք ձեռք բերելու կարելիութիւն չձգէ»: Ամերիկեան կայքը նշեց. «Ասիկա ցոյց կու...

Կալուզին. «Մոսկուան Պատրաստակամ Է  Աջակցելու Երեւանի Եւ Պաքուի Հաշտեցման»

Կալուզին Եւ Ռուսիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Քննարկած Են Ուքրանիոյ Ճգնաժամը Եւ Իրավիճակը Կովկասի Մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թանճու Պիլկիչի հետ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կարծիքներ փոխանակուած են Ուքրանիոյ ճգնաժամին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ: Պաշտօնական գրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ քննարկուած է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, հաստատուած է «շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շահերու համար հետագայ համագործակցութեան փոխադարձ ձգտումը»:...

Նեթանիահու. «Միջին Արեւելքի Մէջ Աշխատանք  Կը Տանինք Փուլ Եկող Շիի Եւ Կազմաւորուող Սիւննի  Առանցքներուն Դէմ Նոր Առանցք Կազմելու»

Նեթանիահու. «Միջին Արեւելքի Մէջ Աշխատանք Կը Տանինք Փուլ Եկող Շիի Եւ Կազմաւորուող Սիւննի Առանցքներուն Դէմ Նոր Առանցք Կազմելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ աշխատանք կը տանինք փուլ եկող շիի եւ կազմաւորուող սիւննի առանցքներուն դէմ նոր առանցք կազմելու»: «Նոր առանցքը, որուն կազմութեան վրայ կ՛աշխատինք, կը ներառէ Հնդկաստանը, արաբական եւ ափրիկեան երկիրներ, ինչպէս նաեւ միջերկրականեան երկիրներ, որոնց շարքին են Կիպրոսն ու Յունաստանը», նշեց Նեթանիահու:    

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Իրան Պատրաստուածութեան Մակարդակը  Բարձրացուց, Եւ Խամենէի Իւրաքանչիւր Պաշտօնի  Իրաւայաջորդութեան 4 Մակարդակ Ճշդեց

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Իրան Պատրաստուածութեան Մակարդակը Բարձրացուց, Եւ Խամենէի Իւրաքանչիւր Պաշտօնի Իրաւայաջորդութեան 4 Մակարդակ Ճշդեց

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իրան Իրաքի հետ արեւմտեան իր սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղակայեց թեւաւոր հրթիռներու արձակման հարթակներ, որոնք բաւարար են Իսրայէլը հարուածելու, իսկ իր հարաւային ծովեզերքի երկայնքին` ամերիկեան ռազմակայաններու եւ շրջանին մէջ այլ թիրախներու համար»: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն երեք անձեր ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան օրաթերթին յայտնած են. «Իրան կը գործէ` մեկնելով այն հաւանականութենէն, թէ ամերիկեան զինուորական հարուածները անխուսափելի եւ...

Page 35 of 881 1 … 34 35 36 … 881

Արխիւներ