Իրանը այժմ Միացեալ Նահանգներու հետ հաւանական գործարքի վերաբերեալ փաստաթուղթ կը պատրաստէ, սակայն ժամանակաւոր գործարքի կնքման շուրջ տեղեկութիւնը չի հաստատեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի:
«Մենք այժմ կը գտնուինք մեր տեսակէտներու նախապատրաստման փուլին մէջ», ըսած է Պաղայի:
Ան նաեւ ենթադրութիւն կոչած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տարբեր տեղեկութիւնները:
Պաղայիի համաձայն, Ուաշինկթընի հետ ժամանակաւոր համաձայնագիրի կնքման կարելիութեան մասին պնդումները անհիմն են:


