Ռուսիան վերջին 100 տարուան ընթացքին առնուազն 19 երկրի վրայ յարձակած է: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:
«Այս երկիրներէն ոչ մէկը յարձակած է Ռուսիոյ վրայ: Մենք պէտք է Ռուսիայէն զիջումներու հասնինք` անոնց զինուորական պիւտճէի, բանակի կամ հիւլէական զէնքի սահմանափակման հարցին մէջ», ըսած է Քալլաս:


