Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները ներկայացնող բանագնացներ հինգշաբթի օր անգամ մը եւս անուղղակի բանակցութիւններ պիտի վարեն Ժընեւի մէջ:
Պուսահիտի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ հաստատելու, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները որոշուած են հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յաւելեալ քայլ կատարելու դրական մտադրութեամբ»:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները պիտի կատարուին մարտի սկզբնաւորութեան` նշելով, որ կարելիութիւն կայ ժամանակաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերելու, եթէ յարմար պայմանները ապահովուին:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքն ալ հաղորդած էր, որ բանակցութիւնները ուրբաթ օր կրնան տեղի ունենալ, «եթէ Իրան մօտ օրէն առաջարկ մը ուղարկէ»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր խորհրդականներուն յայտնած է, որ եթէ դիւանագիտութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախնական նպատակային հարուած Իրանին չստիպէ իր պահանջներուն տեղի տալ եւ հրաժարիլ հիւլէական ծրագիրէն, ան յառաջիկայ ամիսներուն պիտի դիտարկէ շատ աւելի մեծ յարձակում, որուն նպատակը պիտի ըլլայ երկրի ղեկավարները իշխանութենէն հեռացնելը:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ, թէ բարձրաստիճան բանագնացները կը ծրագրեն 26 փետրուարին հանդիպիլ Ժընեւի մէջ` վերջին փորձի ծիրին մէջ բանակցութիւններ վարելու եւ քննարկելու նոր առաջարկը, որ կրնայ ստեղծուած իրավիճակէն ելք հանդիսանալ, մինչ երկու օդանաւակիր խումբեր կանգնած են Իրանէն հարուածային հեռաւորութեան վրայ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ թէեւ վերջնական որոշումներ տակաւին չեն տրուած, խորհրդականները կը նշեն, որ Թրամփ հակուած է յառաջիկայ օրերուն կատարել նախնական հարուած մը, որուն նպատակն է Իրանի ղեկավարներուն ցոյց տալ, որ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան հիւլէական զէնք ստեղծելու կարելիութենէն հրաժարելու:
Դիտարկուող թիրախներու շարքին են` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի կեդրոնատեղին, երկրի հիւլէական կառոյցներն ու թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրը:
Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը, յղում կատարելով «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին գործակալ Ճոն Քիրիաքուին, որ իր կարգին` յղում կատարած է Սպիտակ տան աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ զինուորական յարձակում գործելու որոշումը արդէն տրուած է:
Քիրիաքուի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բաժնուած է երկու խումբերու` Իրանի մէջ զինուորական գործողութեան կողմնակից են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը եւ ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտը: Փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս եւ Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Թուլսի Կապարտ դէմ են զինուորական գործողութեան:


