Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Քուպայի իշխանութիւններուն հետ կը կատարէ երկխօսութիւն մը, որ հաւանաբար համաձայնութեան մը գոյացման յանգի:
«Մենք Քուպայի ժողովուրդին եւ Քուպայի մէջ բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնատարներուն հետ կը խօսինք: Նայինք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ լրագրողներու հետ իր զրոյցին ընթացքին աւելցուց. «Կը կարծեմ, թէ Քուպայի հետ համաձայնութիւն մը պիտի կնքենք»:
Թրամփ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ձերբակալումէն ետք անոր դաշնակից Քուպայի նկատմամբ ճնշումը եւ սպառնալիքները աւելցուց:
Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հաւանան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերականգնելու եւ ընդլայնելու Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի գործակցութիւնը` դիմակայելու համար հասարակաց սպառնալիքները»:


