Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած է, թէ հաւանաբար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ` նշելով, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ տակաւին դիւանագիտական լուծումի հասնելու «լաւ կարելիութիւն կայ»: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ 17 փետրուարին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններէն ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ փոխըմբռնում գոյացած է շարք մը հարցերու շուրջ, որոնք կրնան ընդգրկուիլ ապագայ համաձայնագիրի նախագիծին մէջ:
Ուաշինկթըն իր կարգին յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները լաւ ընթացած են, սակայն Թեհրան տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու Սպիտակ տան «կարմիր գիծերը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի հերքեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ժամանակաւոր համաձայնութեան մասին մամլոյ տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ այդ պնդումները «անհիմն են»:
Պաղայի նշեց, որ Թեհրան կը շարունակէ դիւանագիտական հոլովոյթը` շեշտելով, որ որեւէ բանակցութեան նպատակը պէտք չէ միւս կողմին պահանջներ պարտադրելը կամ անոր պայմաններ թելադրելը ըլլայ:
Ան աւելցուց, որ պահանջներու պարտադրման կամ թելադրութեան վրայ հիմնուած որեւէ բանակցութիւն «արդիւնքի ձեռքբերման պիտի չյանգեցնէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ դիւանագիտական հոլովոյթը, քանի որ տակաւին կը զգայ, թէ արդիւնքի հասնելու կարելիութիւն կայ` աւելցնելով, որ դիւանագիտութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ հւասարակշռութեան եւ բոլոր կողմերու շահերուն յարգման վրայ:
Անդրադառնալով հիւլէական թղթածրարին` Պաղայի նշեց, որ Իրան կը գործակցի հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ, անոր հետ կնքուած երաշխիքներու համաձայնութեան հիմամբ, եւ այդ գործակցութիւնը կը շարունակուի անոր իրաւական ծիրին մէջ:
Պաղայի շեշտեց. «Իրանը անձնատուութիւն չի գիտեր եւ անձնատուութեան գաղափարը կը հակասէ միջազգային օրէնքին»:


