Միջազգային

Աֆղանիստան-Փաքիստան Բախումներ

Աֆղանիստան-Փաքիստան Բախումներ

Հակառակ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Փաքիստանի հակադարձելու իր գործողութիւններուն աւարտը յայտարարելուն, երկու սահմանակից երկիրներուն միջեւ սահմանային բախումները շարունակուեցան: Աֆղանական ուժեր հարուածեցին Խայպար Պախթունխուա շրջանին մէջ գտնուող Նուրշիրա քաղաքի շրջանին մէջ փաքիստանեան ռազմակայան մը: Փաքիստան իր կարգին օդային յարձակումներ գործեց Խոսթի, Պաքթիքայի եւ Լաղմանի մէջ գտնուող թալեպաններու դիրքերուն վրայ: Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ իր երկրի զինեալ ուժերը երկրին վրայ որեւէ...

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.»-ի.  Իրանի Դէմ Ամերիկեան-Իսրայէլեան  Միացեալ Քայլը Տակաւին Չէ Բացառուած

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.»-ի. Իրանի Դէմ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Միացեալ Քայլը Տակաւին Չէ Բացառուած

Աղբիւրներ «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացուցած է Իրանի դէմ զինուորական ընտրանքները: Աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պետը Թրամփի հետ Իրանի վերաբերեալ ժողովի մասնակցած է: «Էյ.Պի.Սի.» կը նշէ, որ ըստ իր աղբիւրներուն, Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ զինուորական քայլը տակաւին չէ բացառուած:...

Օճալան Կոչ Ուղղած Է` Խաղաղութեան  Եւ Հաշտեցման Համար Իրական Ջանքեր Գործադրելու

Օճալան. «Թուրքիոյ Մէջ Ժողովրդավարական Համարկման Անցումը Խաղաղութեան Վերաբերող Օրէնքներու Կարիք Ունի»

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտալլա Օճալան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական համարկման անցումը խաղաղութեան վերաբերեալ օրէնքներու կարիք ունի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լրատու գործակալութեան համաձայն, հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է Օճալանի` ՔԱԿ-ին Թուրքիոյ պետութեան դէմ տասնամեակներէ ի վեր ընթացող ըմբոստութեան վերջ տալու եւ ինքնալուծարուելու կոչէն մէկ տարի ետք: «Կուսակցութեան ինքնալուծարուելու եւ զինեալ պայքարի ռազմավարութեան վերջ տալու որոշումները բռնարարքներու մտայնութենէն...

Ռասուլ Այնի Մէջ Տեղահանուածներու  Առանց Ապահովական Երաշխիքներու  Վերադարձը Մերժող Ցոյցեր

Ռասուլ Այնի Մէջ Տեղահանուածներու Առանց Ապահովական Երաշխիքներու Վերադարձը Մերժող Ցոյցեր

Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ շարք մը տեղահանուածներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին` մերժելով առանց ապահովական երաշխիքներու իրենց շրջաններ վերադառնալ: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: Ցուցարարները տունդարձի որոշումի որդեգրումէն առաջ անվտանգ ու կայուն միջավայրի ապահովումը պահանջեցին` նշելով, որ ներկայիս տակաւին իրենց ու իրենց ընտանիքներուն անվտանգութեան երաշխաւորման պայմանները չեն ամբողջացած: Անոնք շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է, որ գոյութիւն ունենան յստակ միջոցառումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն...

Վատիկանի Մէջ Ազրպէյճանի Եւ Մարոքի  Դեսպանատուներուն Կազմակերպութեամբ  «Խաղաղութեան Համար» Իֆթար

Վատիկանի Մէջ Ազրպէյճանի Եւ Մարոքի Դեսպանատուներուն Կազմակերպութեամբ «Խաղաղութեան Համար» Իֆթար

9 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Հռոմի «Սանթ Ռեճիս» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ իֆթար մը, որ կը միախմբէ քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ կրօնները, եւ որուն ներկայ պիտի գտնուին Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինն ու Կովկասի միւֆթի Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն: Երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենալիք Ռամատանի իֆթարը կազմակերպուած է Վատիկանի մէջ Ազրպէյճանի եւ Մարոքի դեսպանատուներուն կողմէ, գործակցութեան Միջազգային հաղորդակցութեան լրատուական ակումբին (Էմ.Այ.Սի.Սի.):...

Ժընեւի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ  Բանակցութիւններու 3-րդ Փուլ

Ժընեւի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններու 3-րդ Փուլ

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առտու հաղորդեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի Ժընեւի մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք քննարկած են Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար Իրանի առաջարկները: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաղչի եւ Պուսահիտի Ժընեւի մէջ պատժամիջոցներու վերացման եւ...

Շամխանի. «Մեր Հրթիռային Համակարգը Մեր Կարմիր Գիծերուն Մէջ Է Եւ Բանակցելի Չէ»

Շամխանի. «Հիւլէական Զէնք Չունենալը Մեր Վարդապետութեան Ու Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Կրօնական Հրամանագիրին Համահունչ Է»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի նշեց. «Եթէ բանակցութիւններուն միտք բանին մեր հիւլէական զէնք չունենալն է, ապա ատիկա մեր վարչապետութեան ու գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի կրօնական հրամանագիրին համահունչ է»: «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս համաձայնութիւնը կնքելու բաւարար աջակցութիւնն ու իշխանութիւնը ունի», շեշտեց Շամխանի: Նախքան այդ, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Հիւլէական զէնքի ձեռքբերման չենք ձգտիր,...

Սուէյտայի Մէջ Կառավարական Ուժերու  Եւ Տիւրզիներու Միջեւ Գերիներու Եւ Կալանաւորուածներու Փոխանակում

Սուէյտայի Մէջ Կառավարական Ուժերու Եւ Տիւրզիներու Միջեւ Գերիներու Եւ Կալանաւորուածներու Փոխանակում

Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ կառավարական ուժերուն եւ տիւրզիներու Ազգային պահակագունդին միջեւ գերիներու եւ կալանաւորուածներու փոխանակում տեղի ունեցաւ: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուէյտայէն 61 կալանաւորուածներ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան 30 անդամներ փոխանակուած են: Գերիներու եւ կալանաւորուածներու փոխանակումը տեղի ունեցած է նահանգի հիւսիսը Մաթունա անցարգելին վրայ` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հսկողութեամբ: Յիշեցնենք, թէ Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  6 Յաւելեալ «Էֆ-22»-ներ Պիտի Հասնին Իսրայէլ

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. 6 Յաւելեալ «Էֆ-22»-ներ Պիտի Հասնին Իսրայէլ

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ 6 յաւելեալ «Էֆ-22» հալածիչներ հասնին Իսրայէլ: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ 12 ամերիկեան «Էֆ-22» տիպի հալածիչներ էջք կատարած են Իսրայէլի մէջ: Պատկերասփիւռի կայանը այս շաբաթ նաեւ հաղորդած էր, թէ ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու միաւորին պատկանող գաղտնի օդանաւ մը էջք կատարած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն»...

Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ  Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»

Թրամփ. «Իրան Ներկայիս Կը Զարգացնէ Հրթիռներ, Որոնք Մօտ Օրէն Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հասնին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսին մէջ «Միութեան իրավիճակը» տարեկան ուղերձի ընթացքին յայտնեց, որ ինք մաքսատուրքեր օգտագործած է եւ միլիառաւոր տոլարներով եկամուտ ապահոված, ինչպէս նաեւ շարք մը գործարքներ կնքած` նշելով. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ մաքսատուրքերը պիտի փոխարինեն տուրքերը, որոնք ամերիկացի քաղաքացիին բեռը կը ծանրացնեն»: «Մեր երկիրը որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ, լաւ, հարուստ եւ հզօր դարձաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: «Մենք...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Արաղչի. «Հիւլէական Ճարտարագիտութեան Բարիքներէն Օգտուելու Մեր Իրաւունքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի ընթացքին արդար համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար»: «Հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնենք, եւ հիւլէական ճարտարագիտութեան բարիքներէն օգտուելու մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: «Պատմական առիթ մը ունինք հասնելու աննախադէպ համաձայնութեան մը, որ լուծում կը բերէ հասարակաց մտավախութիւններուն եւ հասարակաց շահերը...

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ  Աւելի Քան 300 Զինուորական Օդանաւ Տեղակայած Են

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ Աւելի Քան 300 Զինուորական Օդանաւ Տեղակայած Են

Թռիչքներու բաց տուեալները չորեքշաբթի ցոյց տուին, թէ աւելի քան 300 ամերիկեան զինուորական ու մարտական օդանաւեր տեղակայուած են Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ռազմակայաններուն մէջ, ինչ որ տարիներէ ի վեր շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի ամէնէն մեծ տեղակայումն է: Օդանաւերը հիմնականին մէջ բաժնուած են Քաթարի Ատիտ օդուժի ռազմակայանին, Յորդանանի «Մուաֆաք Սուլթի» ռազմակայանին եւ Սէուտական Արաբիոյ Ամիր Սուլթան ռազմակայանին մէջ, ինչպէս...

12 Ամերիկեան «Էֆ-22»-ներ  Էջք Կատարած Են Իսրայէլի Մէջ

12 Ամերիկեան «Էֆ-22»-ներ Էջք Կատարած Են Իսրայէլի Մէջ

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 12 ամերիկեան «Էֆ-22» տիպի հալածիչներ էջք կատարած են Իսրայէլի մէջ: Պատկերասփիւռի կայանը այս շաբաթ նաեւ հաղորդած էր, թէ ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու միաւորին պատկանող գաղտնի օդանաւ մը էջք կատարած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ: Ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Իսրայէլ կը շարունակէ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հարուածի պարագային իրանեան հաւանական հակադարձութեան իր պատրաստութիւնները ամբողջացնել, եւ...

Զելենսքի. «Ուքրանացի Բանագնացները  Հինգշաբթի Օր Ժողով Պիտի Գումարեն  Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ»

Զելենսքի. «Ուքրանացի Բանագնացները Հինգշաբթի Օր Ժողով Պիտի Գումարեն Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նշեց, որ ուքրանացի բանագնացներ այսօր ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ժողով պիտի գումարեն` քննարկելու համար ապրուստի մակարդակի բարելաւման եւ պատերազմէն ետք երկրի վերաշինութեան թղթածրարները: Զելենսքի լրագրողներուն յայտնեց, որ երկու պատուիրակութիւնները նաեւ պիտի քննարկեն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եռակողմ ժողովի դասաւորումները` աւելցնելով, որ Քիեւ կը յուսայ զայն մարտին գումարել:  

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց. «Իրանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին ընտրանքը միշտ դիւանագիտութիւնն է, սակայն պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային մահաբեր ուժ օգտագործելու»: «Թրամփ Իրանի հետ աշխատանքին մէջ դիւանագիտութիւնը կը նախընտրէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերջին բանակցութիւններուն որոշ յառաջընթաց արձանագրեցին»: Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքեց «ապակողմնորոշող» տեղեկութիւնները, թէ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ...

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հարցին մէջ բոլոր տարբերակները բաց կը պահեն, միեւնոյն ժամանակ Իրանը յորդորելով համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.ՆԻՈՒԶ»-ը: Քոլորատօ կատարած այցելութեան ժամանակ Հեկսեթ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապատուութիւն կու տայ դիւանագիտական լուծումին, սակայն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը պատրաստ...

Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի քուլիսներուն մէջ հետզհետէ աճող մտահոգութիւն գոյութիւն ունի: Զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք Սպիտակ տունը ուղղակի կերպով զգուշացուցած են, թէ Իրանի հետ զինուորական լայնածաւալ ճակատում մը ամերիկեան վարչակազմի նախնական պատկերացումը գերազանցող ռազմավարական ու մարդկային վտանգներ կը պարունակէ: Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի, ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետերը, նախ եւ...

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս  Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը` վերջ դնելու Ուքրանիոյ ռուսական ներխուժումին, կը ձախողին. խաղաղութեան բանակցութիւնները յայտնուած են փակուղիի մէջ, իսկ մարտական գործողութիւնները չորս տարուան պատերազմէն ետք հիմնականին մէջ սթաթիւս քոյի վիճակի մէջ են: Այս մասին կը գրէ «Պլումպըրկ»-ը: Դաշնակիցները կ՛ըսեն, թէ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին համաձայնութեան հասնիլ նախքան 4 յուլիսը, երբ Թրամփ պիտի հիւրընկալէ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակի տօնակատարութիւնները: Սակայն,...

Իրանի Կառավարութեան Բանբերը Կը Նշէ.  «Դիւանագիտութիւնը Պատերազմէն Կը Նախընտրենք,  Սակայն Երկու Ընտրանքներուն Ալ Պատրաստ Ենք»

Իրանի Կառավարութեան Բանբերը Կը Նշէ. «Դիւանագիտութիւնը Պատերազմէն Կը Նախընտրենք, Սակայն Երկու Ընտրանքներուն Ալ Պատրաստ Ենք»

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթիմա Մոհաժերանի Թեհրանի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Դիւանագիտութիւնը պատերազմէն կը նախընտրենք, սակայն երկու ընտրանքներուն ալ պատրաստ ենք»: «Դիւանագիտութիւնը կը նախընտրենք, սակայն զսպման գործիքները պիտի օգտագործենք` հաշիւներու որեէ սխալ արգիլելու համար», նշեց ան: «Իրանեան զինեալ ուժերը կը հետեւին ամէն վտանգի, բարձր պատրաստուածութեան մէջ են, եւ վերջին ռազմափորձերը այդ մէկը փաստեցին», աւելցուց Մոհաժերանի: Իրանեան կառավարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց,...

Պատասխանելով Թրամփին`  Հերցոկ. «Իսրայէլ Օրէնքի  Իշխանութեան Տակ Եղող Պետութիւն Է»

Պատասխանելով Թրամփին` Հերցոկ. «Իսրայէլ Օրէնքի Իշխանութեան Տակ Եղող Պետութիւն Է»

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի գրասենեակը պատասխանելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ներում շնորհելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պահանջին յայտնեց. «Վարչապետին դիմումը արդարադատութեան նախարարութեան մօտ իրաւական խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար է, եւ միայն քայլերու ամբողջացումէն ետք պիտի սերտուի նախագահի դիմումը, ըստ օրէնքին ու պետութեան շահին, եւ անոր խղճին համաձայն, առանց ազդուելու արտաքին, ներքին կամ այլ ճնշումներէ»: Գրասենեակը նշեց, թէ Հերցոկ տակաւին...

Page 34 of 881 1 … 33 34 35 … 881

Արխիւներ