Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Ոք Շահագրգռուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ճգնաժամի Հետագայ Զարգացումով. Ատիկա Կը Հասկնան Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանի Ղեկավարները» Կ՛ըսէ Փութին

Յուլիս 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տարեկան ուղիղ կապի ծիրին մէջ, այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է Արցախին` ընդգծելով, որ ոչ ոք շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի հետագայ զարգացումով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Փութին ընդգծած է, շրջանին մէջ խաղաղութենէն ամէնէն շատ օգուտ պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները:

«Ռուսիան իր դերակատարութիւնը ունեցած է այս ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին մէջ, ոչ ոք շահագրգռուած է ատոր զարգացման հարցին մէջ, որովհետեւ եթէ մենք բոլորս խաղաղ, բարեկամաբար ապրինք, մենք պիտի ստեղծենք պայմաններ մարդոց բնականոն կեանքին համար, ինչի կարիքը ունին Ղարաբաղի բնակիչները: Անկարելի է ամբողջ ժամանակը ապրիլ այն մտահոգութեամբ, որ տագնապը պիտի վերսկսի: Ատիկա կը հասկնան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Բազմաթիւ խնդիրներ կուտակուած են, կան շարք մը հարցեր», Ռուսիոյ նախագահին խօսքը մէջբերած է ռուսական «Քէյ.Փի.» կայքը:

Փութինի համաձայն, ենթակառոյցներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի յստակացման առնչուած խնդիրներ կան, յատկապէս այն տեղերուն մէջ, ուր երկիրներուն միջեւ երբեւէ սահման չէ եղած:

«Մենք կը գտնուինք այս աշխատանքի ընթացքին մէջ, մենք ստեղծած ենք եռակողմ խումբ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Եւ այս աշխատանքի շահառուները, նախ եւ առաջ, պիտի ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները», ընդգծած է Փութինը:

 

Նախորդը

Նշելով, Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը 30 Տարի Ետք Նախիջեւանը Պիտի Կապէ Ազրպէյճանին. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բարի Դրացիական Յարաբերութիւններու Հաստատման Աննախադէպ Կարելիութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Պենիթես` Էվըրթընի Մարզիչ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?