Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

June 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները, վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ բանակցութիւնները, հասնելու քաղաքական լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Լինտէն այդ մասին ըսած է` անդրադառնալով այն նշումին, որ հայ հասարակութիւնը հիասթափուած է Արցախի պատերազմի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի կրաւորական դիրքորոշումէն:

«Համաձայն չեմ, որ ԵԱՀԿ-ը շատ ջանք չի գործադրեր տագնապի հարցին մէջ, այն հարցին մէջ, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ես յատուկ ներկայացուցիչ ունիմ, որ շատ աշխուժ է: Ես անձամբ երէկ հանդիպում ունեցած եմ անոր հետ` քննարկելու համար կացութիւնը: Մենք ունինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւն, զոր կը համանախագահեն Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, որոնք կը փորձեն շատ դրական քայլեր առնել», ըսած է Լինտէ:

Ան նշած է, որ անցեալ տարի «Քորոնա» ժահրին նաեւ այլ պատճառներով սահմանափակ հասանելիութիւն ունեցած են շրջան:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը յիշեցուցած է, որ յունիսի կիսուն 15 հայ պատերազմական գերիները վերադարձնելու համաձայնութիւն գոյացաւ, Հայաստանն ալ Ազրպէյճանին տրամադրեց քարտէսներ, որոնք պիտի դիւրացնեն ականազերծման աշխատանքները: Լինտէն ատիկա կը նկատէ վստահութեան ամրապնդման ողջունելի միջոց: Անոր կարծիքով` ատիկա տեղի ունեցած է Վրաստանի արժէքաւոր դերակատարութեան, Միացեալ Նահանգներու, նաեւ Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական յանձնաժողովի, ԵԱՀԿ-ի մէջ շուէտական համանախագահութեան գերազանց համագործակցութեան շնորհիւ:

«Ես իմ յայտարարութեամբս կոչ ուղղած եմ դրական քայլ առնելու` ազատ արձակելով բոլոր մնացեալ կալանաւորուածներն ու բանակցութիւնները վերսկսելու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ, նաեւ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ քաղաքական լուծում գտնելու, որովհետեւ տակաւին չկայ խաղաղութեան համաձայնագիր», ըսած է Լինտէն:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Կ՛ընթանան 13 Եւ 14 Հայ Պատերազմական Գերիներու Դէմ Քրէական Գործերով Դատավարութիւնները

Յաջորդը

Լաւրով ՄԱԿ-ի Յանձնակատարին Հետ Քննարկած Է Տեղահանուածները Արցախ Վերադարձնելու Հարցը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.