Զուիցերիան որոշած է գնել ամէնէն թանկարժէք «Էֆ-35Էյ Լայթնին II» հալածիչները, որոնք կ՛արտադրէ ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը` իր մարտական օդանաւերուն շարքը թարմացնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վոեննոյէ Օպոզրենիէ» թելեկրամ ալիքը:
Յայտարարուած է նաեւ, որ կը նախատեսուի «Փաթրիոթ ՓԱ-3» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համաձայնագիր կնքել:
Զուիցերիան կը նկատուի աշխարհի ամէնէն խաղաղ երկիրներէն մէկը, որ բոլոր պատերազմներուն ընթացքին ալ եղած է չէզոք:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէին Թուրքիոյ վաճառել «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, սակայն անոնց արժէքին եւ Մարտավարական թեքնիքական բնութագիրին պատճառով Թուրքիան գնեց ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որոնց պատճառով Միացեալ Նահանգներ զինք զրկեցին «ԷՖ-35» հալածիչներէն: