Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ, Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի դատաւոր Էլտար Իսմայիլովի նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ յաւելեալ 13 հայ պատերազմական գերիներու դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան եւ ներթափանցման համար»:
Դատարանի առջեւ կանգնած են Հայկան Յովհաննիսեանը, Վարազդատ Մանութեանը, Դաւիթ Ստեփանեանը, Լեւոն Թոսունեանը, Արթուր Բաղդասարեանը, Սերոբ Աւագեանը, Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ժորա Մանուկեանը, Հրայր Հերաբեանը, Նարեկ Գասպարեանը, Գրիգոր Կուրեղեանը, Աշոտ Գէորգեանը, Մարտին Հաղրամանեանը:
Դատական նիստի ընթացքին դատախազը կարդացած է մեղադրական աքթը:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ բացի ատկէ, կը շարունակուի 14 հայ այլ պատերազմական գերիներու գործով դատավարութիւնը: Պաքուն զանոնք նոյնպէս կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան եւ ներթափանցման յանցանքով»:
Խօսքը Գեղամ Սերոբեանի, Հրաչ Աւագեանի, Արմէն Բաղասեանի, Վոլոդիա Յակոբեանի, Գէորգ Ասերթեանի, Սիսակ Ենգոյեանի, Ալպերթ Պետրոսեանի, Ռոմիկ Սեդրակեանի, Արամ Մինոսեանի, Մկրտիչ Մինոսեանի, Էդգար Մաթեսեանի եւ Եուրի Կարապետեանի մասին է:
Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ դատաւոր Աֆղան Հաճիեւի նախագահութեամբ կատարուող դատավարութեան ժամանակ մեղադրեալները վկայութիւն կու տան:



