Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նոր Նախագահը Տարբեր Կերպ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին Եւ Ալիեւին

July 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով շնորհաւորելնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»¬ն:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ռայիսին առանձին ուղերձներով շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին:

«Նորընտիր նախագահը, բարօրութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին, յոյս յայտնած է, որ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման եւ ընդլայնման ականատեսը պիտի ըլլայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունն ալ հրապարակած է Ռայիսիի` Ալիեւին ուղղուած շնորհակալական ուղերձը:

Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ երկու բարեկամ եւ դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են եղբայրական կապերու, ժողովուրդներու հասարակաց մշակոյթի եւ պատմութեան վրայ:

«Ռայիսին շնորհաւորած է նախագահ Ալիեւը բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման, այդ տարածքներուն մէջ Ազրպէյճանի պետական իշխանութեան վերականգնման եւ պետական սահմաններուն վրայ վերահսկողութեան հաստատման վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի զարգանայ աւելի արագ կշռոյթով` նպաստելով շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ 5 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնեն Հայաստանի Մէջ Երիտասարդներու Հետ Աշխատանքի Համար

Յաջորդը

Լը Տրիան Եւ Պլինքըն Խօսած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.