Ուզպեքիստանը, Միացեալ Նահանգները, ԱՖղանիստանը եւ Փաքիստանը համաձայնած են խորհրդակցութիւններու նոր քառակողմ հարթակ ստեղծելու մասին` ուղղուած աֆղանական խաղաղ հոլովոյթի աջակցութեան:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին երէկ յայտարարած է Ուզպեքիստանի արտաքին գործոց նախարար Սուսուփ Քապուլժանով` «Կեդրոնական եւ Հարաւային Ասիա. Շրջանային փոխադարձ գործակցութիւն: Մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:
«Յայտարարութիւնը կը փաստէ Միացեալ Նահանգներ-Ուզպեքիստան-ԱՖղանիստան-Փաքիստան քառակողմ ձեւաչափի մասին, որ կոչուած է աջակցելու խաղաղ լուծման հոլովոյթին», ըսած է ուզպեք նախարարը: