Թուրքիան Իրանի հետ պետական սահմանի ամբողջ օրուան տեւողութեան պահպանման համար տեղակայած է մինչեւ 20 հազար հոգինոց ռազմական անձնակազմ, ներառեալ մասնայատուկ ուժերու ջոկատները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Բացի ատկէ, սահմանի օդային տարածքին մէջ ամբողջ օրուան տեւողութեամբ կ՛աշխատին անօդաչու թռչող սարքեր, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ նուազագոյնի հասցնել ապօրինի գաղթականներու հոսքը:
Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանը ներկայիս մասամբ փակուած է շաղախէ պատով, որուն երկայնքին տեղակայուած են ելեկտրատեսողական սարքաւորումներով աշտարակներ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ միայն այս տարուան առաջին կիսուն կանխարգիլուած է պետական սահմանը խախտելու 51.122 փորձ, 523 իրաւախախտ բերման ենթարկուած է:



