Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ օրէնք ստորագրած է Պիելոռուսիոյ հետ գաղտնի տեղեկութիւններու փոխանակման մասին: «Մինվալ» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ստորագրած է «Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ գաղտնի տեղեկութեան փոխադարձ փոխանցման մասին համաձայնագիրի հաստատման վերաբերեալ» օրէնքը:
Այդպիսով, հաստատուած է 18 մայիս 2021-ին Պաքուի մէջ կնքուած համաձայնագիրը: