Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան Խորհուրդէն  Ետ Վերցուցած Են Իրանի Պատժամիջոցները  Վերականգնելու` Թրամփի Օրերուն  Ներկայացուած Առաջարկը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Դատապարտեց Կիպրոսի Հարցին Մէջ Էրտողանի Միակողմանի Քայլերը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ, որդեգրեց յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով Կիպրոսի հարցը լուծելու «երկու ընկերութիւններով եւ քաղաքական գետնի վրայ իրարահաւասար երկու շրջաններով դաշնակցային համակարգի մը հիմամբ», ինչպէս նաեւ «դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միակողմանի քայլերը»: Ապահովութեան խորհուրդի անդամները դատապարտեցին թուրք կիպրացիներու ղեկավարին 20 յուլիս 2021-ին կատարած Վարոշա փակ շրջանի մէկ մասը վերաբանալու մասին յայտարարութիւնը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ցաւ յայտնեց այդ...

«Չկայ Կարգավիճակ, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղ,  Իսկ Զանգեզուրը Մեր Նախնիքներու Հայրենիքն Է,  Եւ Մենք Մեր Սեփական Հողին Վրայ Կը Գտնուինք»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Չկայ Կարգավիճակ, Չկայ Լեռնային Ղարաբաղ, Իսկ Զանգեզուրը Մեր Նախնիքներու Հայրենիքն Է, Եւ Մենք Մեր Սեփական Հողին Վրայ Կը Գտնուինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի հետ սահմանին վրայ իր դիրքերը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը Երեւան կատարած այցելութեան ժամանակ սահմանամերձ տարածքները վիճելի կոչած է: Ճիշդը` համաձայն չեմ այդ արտայայտութեան հետ, որովհետեւ այդ տարածքները մերը կը նկատենք: Ես կը նկատեմ, որ անոնք Զանգեզուրի տարածքներն են, իսկ Զանգեզուրը մեր...

Էրտողան Եւ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը  Յայտարարած Են Բռնագրաւեալ Ֆամակուսթա Քաղաքի  Մէկ Մասին Վերաբացման Մասին

Էրտողան Եւ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը Յայտարարած Են Բռնագրաւեալ Ֆամակուսթա Քաղաքի Մէկ Մասին Վերաբացման Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան ղեկավար Էրսին Թաթար յայտարարած են Կիպրոսի գրաւեալ տարածքին մէջ գտնուող Ֆամակուսթա քաղաքի մէկ մասին վերաբացման մասին: Այս մասին կը գրէ «Ահվալ» օրաթերթը: Թաթար նշած է, որ քաղաքի տարածքին 3,5 առ հարիւրին մէջ պիտի վերցուի զինուորական դրութիւնը, եւ անիկա քաղաքային կարգավիճակ պիտի ստանայ: Ան այս մասին յայտարարած է Էրտողանի` Հիւսիսային...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Ապառազմականացման  Եւ Հսկողութիւն Կատարելու»  Կ՛ըսէ Միշել

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանի Ապառազմականացման Եւ Հսկողութիւն Կատարելու» Կ՛ըսէ Միշել

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պետական սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ջանքեր գործադրելու տարբեր ուղղութիւններով յառաջընթացի հասնելու համար: Օրինակ` (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ) սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Մենք պատրաստ ենք այդ հարցով եւրոպացի փորձագէտներ ուղարկելու, եւ եթէ անհրաժեշտութիւն...

Ալիեւ-Փութին Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Ալիեւ Եւ Փութին Այսօր Մոսկուայի Մէջ Պիտի Քննարկեն Արցախի Վերաբերող Հարցեր

Այսօր Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի պիտի ունենան բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին Արցախին վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահը այսօր աշխատանքային այցելութեան պիտի հասնի Մոսկուա, ուր կը նախատեսուի քննարկել ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման հիմնական հարցերը` շեշտը դնելով առեւտրական ներդրումներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վրայ: Կը նախատեսուի նաեւ...

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը  Խորհրդարանին Մանրամասնութիւններ  Ներկայացուցած Է Հայ Գերիներու Հայրենադարձման  Ուղղուած Աշխատանքներուն Մասին

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Խորհրդարանին Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած Է Հայ Գերիներու Հայրենադարձման Ուղղուած Աշխատանքներուն Մասին

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սիկրիտ Քաակ 16 յուլիսին խորհրդարանին յղած է հերթական նամակը, որուն մէջ տեղեկացուցած է հայ գերիներու հայրենադարձման ուղղուած ձեռնարկուող աշխատանքներուն մասին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նախարարը նշած է, որ կառավարութիւնը տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներու ժամանակ  թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ բազմակողմ մակարդակներու վրայ կը շարունակէ Ազրպէյճանին կոչ ուղղել` կատարելու միջազգային համաձայնագիրներով եւ եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ վստահեցուցած, որ Նետերլանտները...

Հասանով Հրամայած Է «Կանխարգիլել  Հայկական Սադրանքները»

Հասանով Հրամայած Է «Կանխարգիլել Հայկական Սադրանքները»

Երէկ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է երկրի զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմի նիստ, որուն ընթացքին ան զօրքերուն հրահանգած է «կանխարգիլել հայկական սադրանքները»: Հանդիպումի մասնակիցներուն յիշեցնելով Ազրպէյճանի նախագահին խօսքերը, թէ «պատերազմը աւարտած է, սակայն, հակառակ ատոր, մենք պատրաստ ենք եւ որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի», Հասանով յանձնարարած է բարձրացնել մարտական հերթապահութիւն ստանձնած զինուորներու զգօնութիւնը, ընդլայնել ստորաբաժանումներու...

«Մտադիր Ենք Քապուլի Օդակայանի  Հարցով Բանակցիլ Թալեպաններուն Հետ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մտադիր Ենք Քապուլի Օդակայանի Հարցով Բանակցիլ Թալեպաններուն Հետ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է Քապուլի օդակայանին հարցով բանակցիլ Թալեպան շարժումին հետ, որ կը մերժէ Անգարային արտօնել ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռանալէն ետք օդակայանը կառավարել: «Աստուծոյ կամքով պիտի նայինք, թէ ինչպիսի՛ բանակցութիւններ կարելի է կատարել թալեպաններուն հետ, եւ տեսնենք անոնք մեզ ո՛ւր կ՛առաջնորդեն», ըսաւ Էրտողան:

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին, Եւ Թեհրան Համաձայնութեան Հասնելու Չ՛Աճապարեր» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն 7-րդ Փուլը Պիտի Կատարուի Նոր Իշխանութեան Իր Լիազօրութիւններուն Ստանձնումէն Ետք» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւնները առկախուեցան (Իրանի մէջ) իշխանութեան փոխանցման պատճառով, եւ մեր բարձր քաղաքականութիւնները չփոխուեցան»: «Բանակցութիւններուն 7-րդ փուլը պիտի կատարուի նոր իշխանութեան իր լիազօրութիւններուն ստանձնումէն ետք», նշեց ան: «Ուաշինկթըն արգելակեց բանտարկեալներու փոխանակման համաձայնութիւնը, եւ պատրաստ ենք զայն գործադրելու, եթէ ան իր խոստումները յարգէ», յայտնեց Խաթիպզատէ: «Իսրայէլ շրջանին մէջ բռնարարքներու եւ ահաբեկչութեան աղբիւր կը նկատուի»,...

Հիւսիսային Կիպրոս Այցելելով` «Այս Կղզիին Վրայ Երկու Պետութիւններ Կան Եւ Երկու Ժողովուրդներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն երկօրեայ իր այցելութեան առաջին օրը բռնագրաւեալ շրջանի խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ կիպրական հարցին մէջ որեւէ «լուծում» չկատարել եւ «երկու պետութիւն» լուծումը ջատագովեց: «Այս կղզիին վրայ երկու պետութիւններ կան եւ երկու ժողովուրդներ», ըսաւ ան: «Այդ առնչութեամբ որեւէ զիջում չենք ըներ եւ չենք կրնար ընել»,...

Աֆղանիստանի Կառավարութիւնն Ու Թալեպան  Շարժումը Բանակցութիւնները Արագացնելու  Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Աֆղանիստանի Կառավարութիւնն Ու Թալեպան Շարժումը Բանակցութիւնները Արագացնելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Տոհայի մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւններէն ետք Աֆղանիստանի կառավարութիւնն ու Թալեպան շարժումի ղեկավարները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած են, որ դարձեալ պիտի հանդիպին, որովհետեւ կը ծրագրեն արագացնել խաղաղ բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Կողմերը կը յայտնեն, որ «մինչեւ լուծման հասնիլը, պարտաւորուած ենք շարունակել բարձր մակարդակով բանակցութիւնները», եւ աւելցուցած, որ պիտի աշխատին Աֆղանիստանի ամբողջ տարածքին մէջ մարդասիրական օգնութիւն...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Անտառային Հրդեհներ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անտառային Հրդեհներ

Միացեալ Նահանգներու արեւմուտքին մէջ աւելի քան 470 հազար հեկտար մակերեսով հողատարածք յայտնուած է անտառային հրդեհներու «ճիրաններուն» մէջ: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային միջգերատեսչական հրշէջներու կեդրոնը: Ըստ կեդրոնին, ներկայիս արձանագրուած է անտառային 80 մեծ հրդեհ: Առաւել ծանր է կացութիւնը Մոնթանա նահանգին մէջ, ուր արձանագրուած է 18 մեծ հրդեհ: Այտահոյի մէջ` 17 մեծ հրդեհ կայ,...

Իր Երդմնակալութեան  Արարողութեան Ընթացքին.  «Սուրիական Բռնագրաւուած Մնացեալ Հողերը  Ահաբեկչութենէն, Ամերիկեան Եւ Թրքական Ուժերէն  Ազատագրելը Մեր Առաջնահերթ Մարտահրաւէրն Է»  Կ՛ըսէ Պաշշար Ասատ

Իր Երդմնակալութեան Արարողութեան Ընթացքին. «Սուրիական Բռնագրաւուած Մնացեալ Հողերը Ահաբեկչութենէն, Ամերիկեան Եւ Թրքական Ուժերէն Ազատագրելը Մեր Առաջնահերթ Մարտահրաւէրն Է» Կ՛ըսէ Պաշշար Ասատ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 17 յուլիս 2021-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախագահական չորրորդ շրջանի սահմանադրական իր երդումը կատարեց` իբրեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ: Երդման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական, կուսակցական, գիտական, մշակութային եւ լրատուական մարզերու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներ, ինչպէս նաեւ նահատակներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներ: Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ արտասանեց ճառ մը, որուն ընթացքին ըսաւ....

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կանչած Են Խորհրդարան` Յոյն Դեսպանի Շուշի Այցելութեան Վերաբերեալ Բացատրութիւն Տալու Համար

Յունաստանի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ երկրի արտաքին գործոց նախարարին կանչած են խորհրդարան` բացատրութիւն պահանջելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` գրաւուած Շուշիի մէջ կազմակերպած այցելութեան` Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպանի մասնակցութեան վերաբերեալ: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին ուղղուած նամակին մէջ Հայ դատի գրասենեակը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաս Փիփերիկոսի` Արցախի գրաւեալ տարածքներ, ներառեալ Շուշի այցելութեան նկատմամբ: Հայ համայնքի նախաձեռնութիւնը մեծ...

Միացեալ Նահանգներ Իրանը Մեղադրած Են  Հիւլէական Գործարքի Բանակցութիւններուն Մէջ  Դադար Յառաջացնելու Յանցանքով

Միացեալ Նահանգներ Իրանը Մեղադրած Են Հիւլէական Գործարքի Բանակցութիւններուն Մէջ Դադար Յառաջացնելու Յանցանքով

Իրան Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման վերաբերեալ Վիեննայի բանակցութիւններուն վերադառնալու անպատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններով կը հերքէ իր մեղաւորութիւնը: «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ Իրանի արտաքին գործոց փոխնարարար Ապպաս Արաքժի մերժած է մինչեւ նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի լիազօրութիւններու ստանձնումը բանակցութիւնները վերսկսելու գաղափարը: «Այս մեկնաբանութիւնները ծրագիրի իրագործման...

Խօսելով Ողողումներու  Հետեւանքներուն Մասին`  «Գերմաներէնը Հազիւ Թէ Յառաջացած  Աւերները Նկարագրող Բառեր Ունենայ»  Կ՛ըսէ Մերքել

Խօսելով Ողողումներու Հետեւանքներուն Մասին` «Գերմաներէնը Հազիւ Թէ Յառաջացած Աւերները Նկարագրող Բառեր Ունենայ» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գերիրապաշտական նկատած է այն պատկերը, որ ան տեսած է աւերիչ ողողումէն առաւել վնասուած շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ասիկա սարսափելի է: Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ գերմաներէնը հազիւ թէ աւերները նկարագրող բառեր ունենայ», կիրակի օր արեւմտեան Ատենաու քաղաք այցելութեան ժամանակ լրագրողներուն ըսած է Մերքել: «Մենք պիտի աջակցինք ձեզի. դաշնակցային եւ երկրամասային...

Էրտողան Հեռաձայնած Է Սալման Թագաւորին  Եւ Քննարկած Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Էրտողան Հեռաձայնած Է Սալման Թագաւորին Եւ Քննարկած Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ շնորհաւորած զինք Ատհայի տօնին առիթով: Սալման թագաւորը իր կարգին շնորհաւորած է Էրտողանը: Երկու կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ի շահ երկու երկիրներուն զարգացնելու կարելիութիւնները:

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական  Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի Հետ

Ալիեւ Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի Հետ

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ հասած է Ազրպէյճան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է եւրոպացի պաշտօնատարը: Կողմերը զրոյց ունեցած են աշխատանքային ճաշի սեղանի շուրջ, ապա միասին լուսանկարուած են: Ալիեւ Միշելի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի աւարտին յայտարարած է. «Մենք կը գտնուինք ենթակառոյցներու կառուցման աշխուժ փուլի մէջ»: Ան նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուի...

«1 Ազգ, 3 Պետութիւն».  Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը  Առաջին Անգամ Պաշտօնական Այցելութիւն  Տուած Է Հիւսիսային Կիպրոս

«1 Ազգ, 3 Պետութիւն». Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Առաջին Անգամ Պաշտօնական Այցելութիւն Տուած Է Հիւսիսային Կիպրոս

Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջխորհրդարանական կապերու յանձնախումբի նախագահ Սամետ Սէյիտովի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը ուրբաթ օր առաջին անգամ ըլլալով այցելած է այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ պատուիրակութիւնը ընդունուած է Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարի կողմէ, որ յայտարարած է. «Մենք մէկ ազգ ենք, 3 պետութիւն»: Ան նշած է, որ ասիկա «պատմական այցելութիւն» է:...

Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը  Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Սննդամթերք Տեղափոխող  Բեռնատար Մը. Միջազգային Դաշինքը Կը Հերքէ

Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Սննդամթերք Տեղափոխող Բեռնատար Մը. Միջազգային Դաշինքը Կը Հերքէ

Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքը Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգին մէջ` Իրաքի հետ սահմանին մօտ հարուածած է սննդամթերք տեղափոխող բեռնատար մը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան: Աղբիւրին տուեալներով` դէպքը պատահած է Պուքամել քաղաքի Սուէյտա շրջանին մէջ: Բեռնատարը ոչնչացուած է, սակայն մարդկային վնասներ չկան: Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը վերահսկողութիւն հաստատած են Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ`...

Page 333 of 883 1 … 332 333 334 … 883

Արխիւներ