Երէկ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է երկրի զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմի նիստ, որուն ընթացքին ան զօրքերուն հրահանգած է «կանխարգիլել հայկական սադրանքները»:
Հանդիպումի մասնակիցներուն յիշեցնելով Ազրպէյճանի նախագահին խօսքերը, թէ «պատերազմը աւարտած է, սակայն, հակառակ ատոր, մենք պատրաստ ենք եւ որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի», Հասանով յանձնարարած է բարձրացնել մարտական հերթապահութիւն ստանձնած զինուորներու զգօնութիւնը, ընդլայնել ստորաբաժանումներու նիւթաթեքնիքական աջակցութեան կարելիութիւնները:
Վերլուծելով իրենց կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը, ան լարուածութեան սրման համար պատասխանատու նկատած է Հայաստանը:
Հասանով հրամանատարական կազմին «հայկական զինեալ ուժերու հաւանական սադրանքներու ճնշման առնչուած» յանձնարարականներ տուած է:



