Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ շնորհաւորած զինք Ատհայի տօնին առիթով:
Սալման թագաւորը իր կարգին շնորհաւորած է Էրտողանը: Երկու կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ի շահ երկու երկիրներուն զարգացնելու կարելիութիւնները: