Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Ողողումներու Հետեւանքներուն Մասին` «Գերմաներէնը Հազիւ Թէ Յառաջացած Աւերները Նկարագրող Բառեր Ունենայ» Կ՛ըսէ Մերքել

July 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գերիրապաշտական նկատած է այն պատկերը, որ ան տեսած է աւերիչ ողողումէն առաւել վնասուած շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ասիկա սարսափելի է: Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ գերմաներէնը հազիւ թէ աւերները նկարագրող բառեր ունենայ», կիրակի օր արեւմտեան Ատենաու քաղաք այցելութեան ժամանակ լրագրողներուն ըսած է Մերքել:

«Մենք պիտի աջակցինք ձեզի. դաշնակցային եւ երկրամասային իշխանութիւնները միասին պիտի գործեն, որպէսզի այս գեղեցիկ վայրին մէջ աստիճանաբար ամէն ինչ կարգի բերուի: Արդէն չորեքշաբթի մենք` կառավարութիւնը, պիտի որդեգրենք ծրագիր, որպէսզի շրջանին հետ միասին շտապ օգնութեան, միջնաժամկէտ խնդիրներու կատարման եւ ենթակառոյցներու վերականգնման համար քայլերու ձեռնարկենք», ընդգծած է Մերքել:

Գերմանիոյ վարչապետը նշած է, որ երկրի արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած աղէտը ցոյց տուած է կլիմայի փոփոխութեան խնդիրներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան խոստացած է, որ իշխանութիւնները պիտի վարեն երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն, «որ բնութիւնն ու կլիման աւելի շատ հաշուի պիտի առնէ, քան ատիկա եղած է վերջին տարիներուն»: «Ատիկա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ», ըսած է Մերքել: Կառավարութեան ղեկավարը խոստացած է աղէտի գօտի անգամ մը եւս այցելել օգոստոսի վերջաւորութեան:

Հռայնլանտ ՓՖալցի վարչապետ Մալու Տրայեր իր կարգին նշած է, որ անհետ կորսուածներու որոնումները կը շարունակուին: Անոր համաձայն, ջրհեղեղէն ամէնէն շատ վնասուած Առվայլեր շրջանի «մեծ թիւով» բնակիչներ մինչեւ հիմա չեն յայտնաբերուած:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ տեղատարափ անձրեւները, որոնք Գերմանիոյ արեւմուտքին եւ հարաւ-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած էին երկուշաբթի օրուընէ ի վեր, յանգեցուցած են ուժեղ ողողումներու: Յորդառատ անձրեւներուն պատճառով յորդած են Հռենոսի Ար եւ Մոզել վտակները, ինչպէս նաեւ փոքր գետեր Էրֆթը, Զաուերը, Փրիւմը, Նիմսը եւ Քիլը: Աղէտի աւերներուն պատճառով Հռայնլանտ ՓՖալց դաշնակցային երկրամասին մէջ զոհուած է աւելի քան 150 մարդ:

 

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան Հեռաձայնած Է Սալման Թագաւորին Եւ Քննարկած Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Իրանը Մեղադրած Են Հիւլէական Գործարքի Բանակցութիւններուն Մէջ Դադար Յառաջացնելու Յանցանքով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.