Իրան Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման վերաբերեալ Վիեննայի բանակցութիւններուն վերադառնալու անպատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններով կը հերքէ իր մեղաւորութիւնը: «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ Իրանի արտաքին գործոց փոխնարարար Ապպաս Արաքժի մերժած է մինչեւ նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի լիազօրութիւններու ստանձնումը բանակցութիւնները վերսկսելու գաղափարը:
«Այս մեկնաբանութիւնները ծրագիրի իրագործման հաւանական միացեալ վերադարձի բանակցութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող փակուղիի մեղքը հերքելու բացայայտ փորձ կը ներկայացնեն: Մենք պատրաստ ենք վերադառնալու Վիեննա` աշխատանքը ապահովելու համար… այն բանէն ետք, երբ Իրանը անհրաժեշտ որոշումները տայ», կը նշուի Փրայսի յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ քննադատած է Արաքժիի առաջարկը` ազատ արձակելու բանտարկեալները Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիր վերադառնալու պարագային: Ըստ Փրայսի, Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան համաձայնուած գործարք չունին Իրանի կողմէ ձերբակալուածները ազատ արձակելու վերաբերեալ, եւ Արաքժիի յայտարարութիւնները «ձերբակալուածներուն հարազատները յուսադրելու դաժան փորձեր են»:
«Եթէ Իրան իսկապէս հետաքրքրուած ըլլար մարդասիրական ժեսթով, ապա անմիջապէս ազատ կ՛արձակէր ձերբակալուածները», նշած է Փրայս:
Նշենք, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն վերջին փուլը տեղի ունեցած է 20 յունիսին, իսկ Իրանի վարչակազմի փոփոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 օգոստոսին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է երկու կողմերուն միջեւ մարդասիրական համաձայնութեան ծիրին մէջ բոլոր կողմերէն 10-ական բանտարկեալներու ազատ արձակման:
«Ապշեցուցիչ է, որ Միացեալ Նահանգներ կը հերքեն բանտարկեալներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան այս պարզ իրականութիւնը», գրեց ան:
«Վիեննայի բանակցութիւնները քննարկեցին հիւլէական համաձայնութեան կողմը, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետ բոլոր կողմերէն 10 բանտարկեալներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը, եւ Իրան պատրաստ է այս պահէն գործադրելու այդ համաձայնութիւնը», աւելցուց ան: