Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Վրաստանի հետ պաշտօնական միջպետական դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան:
«Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, մենք գործնականին մէջ յարաբերութիւններ չունինք: Անոնք, ըստ էութեան, խզուած են Թիֆլիսի նախաձեռնութեամբ: Մենք մէկ անգամ չէ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած ենք վերականգնելու զանոնք», ըսած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ հակառակ Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան, Մոսկուան եւ Թիֆլիսը հասարակաց շահերու ոլորտներ ունին, իսկ ինք անձամբ շատ կը սիրէ այդ երկիրը:
«Մենք, ի հարկէ, ընդհանուր առեւտուր ունինք: Ի դէպ, ոչ փոքր ծաւալի, մենք Վրաստանի յառաջատար առեւտրական գործընկերներէն մէկն ենք: Կայ զբօսաշրջիկներու հոսք, մեր մարդիկը կը սիրեն այցելել Վրաստան, իսկ ես ինքս շատ կը սիրեմ այդ երկիրը», աւելցուցած է Լաւրով: