Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեկնաբանելով Աֆղանիստանի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը` «Պէտք Է Հասկնալ, Որ Դուրսէն Անկարելի Է Որեւէ Բան Պարտադրել» Կ՛ըսէ Փութին

Սեպտեմբեր 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, մեկնաբանելով Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութիւնը, յայտարարած է, որ կարելի չէ դուրսէն որեւէ բան պարտադրել, պէտք է օգնել եւ սպասել այն պահուն, երբ կացութիւնը կը հասուննայ:

«Դէպքերը, որոնք տեղի կ՛ունենան, մեզմէ հեռու չեն…ըսել կ՛ուզեմ` Աֆղանիստանը: Ամերիկեան ուժերը այդ շրջանին մէջ ներկայ էին, եւ 20 տարի փորձեցին այդտեղ ապրող մարդող քաղաքակիրթ բնոյթ հաղորդել: Իրականութեան մէջ, ներկայացնելու իրենց արժեչափերը եւ իրենց յատուկ կեանքի արժեչափերը` բառին ամէնէն լայն իմաստով, ներառեալ ընկերութեան քաղաքական կազմակերպումը: Արդիւնքը միայն ողբերգութիւն էր, Միացեալ Նահանգներու պարտութիւնը եւ Աֆղանիստանի մէջ ապրողներուն համար ատկէ աւելին կորսնցնելը, իսկ արդիւնքը զերօ է եւ նոյնիսկ զերոյէն վար», նշեց Փութին:

«Պէտք է հասկնալ, որ դուրսէն անկարելի է որեւէ բան պարտադրել: Կացութիւնը պէտք է հասուննայ: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ, որ անիկա աւելի արագ եւ աւելի որակով հասուննայ, պէտք է օգնէ մարդոց», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն` ըսած է Փութին դպրոցականներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Այո՛, կարելի է եւ պէտք է ատիկա ընել, սակայն ատիկա պէտք է ընել քաղաքակիրթ ձեւով` զգուշօրէն, աջակցելով դրական միտումներուն, չշտապելով, զինուելով համբերութեամբ», աւելցուցած է Փութին:

Անոր համաձայն, առանց այդ փաստերը հաշուի առնելու` գործնականին մէջ որեւէ դրական բանի հասնիլը անկարելի է:

Նախորդը

«Ռուսիան Բազմիցս Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Վերականգնելու Վրաստանի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Յաջողութիւնը Այսօր Ամբողջ Աշխարհի Շուրթերուն Վրայ Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?