Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թալեպան Շարժումը Քապուլի Օդակայանի Կառավարման Հարցով Կը Բանակցի Քաթարի Եւ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

September 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տրիան նշեց. «Թալեպան շարժումը Քապուլի օդակայանի կառավարման համար կը բանակցի Քաթարի եւ Թուրքիոյ հետ»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օդակայանի անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ որոշումը պէտք է գործադրուի, եւ պէտք է այդտեղ հասնելու անվտանգութիւնը պահանջենք», որպէսզի ճամբորդական թռիչքով Աֆղանիստանէն հեռանալ ուզողները կարողանան երկրէն հեռանալ:

«Ֆրանսան պէտք է շարունակէ Թալեպան շարժումին վրայ ճնշում բանեցնել, սակայն անոր հետ չի բանակցիր», նշած է Լը Տրիան:

Նախքան այդ, Թալեպան շարժումը յայտարարեց, որ երկուշաբթի գիշեր ամերիկեան ուժերու հեռացման ամբողջացումէն ետք իր վերահսկողութեան տակ առած է Քապուլի միջազգային օդակայանը: Շարժումը նշեց «մայրաքաղաքի օդակայանի կառավարման մէջ թրքական թեքնիք փորձառութեան օժանդակութեան օգտագործման» կարելիութիւնը:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը Քապուլի օդակայանի աշխատանքի շարունակման շուրջ կը բանակցի Քաթարի եւ Թուրքիոյ հետ:

«Թուրքիան Պատրաստ Է Քննարկելու Քապուլի Օդակայանին Վերաբերեալ Առաջարկները» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութեան: Եթէ ձեւաւորուին համապատասխան պայմաններ եւ ըլլայ առաջարկ, մենք կրնանք քննարկել այս հարցը (Քապուլի միջազգային օդակայանի կառավարումը, «Ա.»): «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Անգարայի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:

Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Թուրքիան եւ Աֆղանիստանը իրար կը կապեն պատմական կապեր:

Հուլուսի Աքար յիշեցուցած է, որ թրքական զինուորական զօրամասը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Աֆղանիստանի մէջ յաջողութեամբ մասնակցած է տարբեր առաքելութիւններու:

«Թուրքիան հանդէս կու գայ եւ կը ձգտի իր ներդրումը ունենալու Աֆղանիստանի վերակառուցման գործին մէջ` ապահովելով աֆղան ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: (Քապուլի օդակայանի հարցին շուրջ) պէտք է ապահովուին անհրաժեշտ պայմանները, պէտք է ընդունուին եւ հաստատուին թրքական պետական իշխանութիւններու որոշումները, ինչպէս նաեւ տրուին նախագահի յանձնարարականները: Մենք պատրաստ ենք սերտելու բոլոր առաջարկները», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Առկախեց Աֆղանիստանի Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայութիւնը Եւ Դեսպանատունը Տեղափոխեց Քաթար» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւններու 4-րդ Նիստ Մը Պիտի Գումարենք» Կ՛ըսէ Իրաքի Մէջ Իրանի Դեսպանը

RelatedPosts

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
Միջազգային

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

October 6, 2026
Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»
Միջազգային

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.