Թուրքիան 7 եւ 8 սեպտեմբերին Եգիպտոսի դիւանագիտական պատուիրակութիւնը հրաւիրած է Անգարա` երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր քննարկելու համար: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ 1 սեպտեմբերին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումը, որ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղուած դիւանագիտական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը, պիտի գլխաւորեն Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու տեղակալներ Համտի Լոզան եւ Սետաթ Էօնալը:
«Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր», յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած է 5-6 մայիսին Գահիրէի մէջ, եւ երկու կողմերը զայն բնութագրած են իբրեւ «դրական»: