Քապուլի Օդակայանը Հրթիռակոծուած Է
Երէկ առաւօտեան Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ արձակուած են քանի մը հրթիռներ, զորս վնասազերծած է Միացեալ Նահանգներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով ամերիկացի անանուն պաշտօնատարին: Ընդհանուր առմամբ արձակուած է հինգ հրթիռ, թէեւ յստակ չէ, եթէ անոնք բոլորը եղած են «Սի-ՌԱՄ» պաշտպանութեան համակարգին կողմէ, որ նախատեսուած է ցամաքային ուժերը հրթիռներէն, հրետանիէն...




















