Ռուսիան յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին պիտի մնայ ՕԹԱՆ-ի համար մեծագոյն զինուորական սպառնալիքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի պաշտօնի թեկնածու Ճուլիանա Սմիթ:
Ան Քոնկրեսի լսումներու ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախաձեռնած «յարձակումին» մասին:
«Ռուսիան կը մնայ եւրոատլանտեան շրջանի մեծագոյն աշխարհաքաղաքական սպառնալիքը եւ անշուշտ տեսանելի ապագային պիտի մնայ յաջորդ տասնամեակին մէջ ՕԹԱՆ-ի մեծագոյն զինուորական սպառնալիքը», ըսած է ան:
Սմիթ խոստացած է աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն հետ` չէզոքացնելու Արեւմտեան երկիրներուն համար «Հիւսիսային հոսք 2» կազի խողովակաշարի շահագործման անցանկալի հետեւանքները, ինչ որ, անոր համաձայն, «վատ գործարք» էր եւ «աշխարհաքաղաքական նախագիծ» է:



