Կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր ղեկավար Ֆրանչիսկոս պապը իր տարակուսանքը յայտնած է, որ շատեր, ներառեալ որոշ կարտինալներ, կը մերժեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուիլ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին լրագրողներու հետ խօսած է օդանաւին մէջ` Սլովաքիայէն վերադառնալու ընթացքին:
«Ատիկա տարօրինակ է, որովհետեւ մարդկութիւնը պատուաստներու հետ բարեկամութեան պատմութիւն ունի: Մանուկ տարիքին մենք կը պատուաստուինք կարմրուկի, փոլիոյի դէմ, բոլորը կը պատուաստուին, եւ ոչ ոք որեւէ բան կ՛ըսէ», նշած է Ֆրանչիսկոս պապը, որ անձամբ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած է եւ յաճախ մարդոց կոչ կ՛ուղղէ` նոյնը ընելու:



